ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 3ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեան:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններն ու Սփիւռքը յուզող մարտահրաւէրները: