ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Ապրիլ 27ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի «The Armenian Church» հատորի ողջունահանդէսը։
Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Վաչէ արք. Յովսէփեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, Վաչէ վրդ. Պալըքճեան ու հոգեւորականաց դասու անդամներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանն ու փոխատենապետ Կարօ Էշկիեանը։
Ողջունահանդէսը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Հանդիսավար Քրիստափոր Միքայէլեան ողջունեց ներկաները, ապա, հակիրճ ակնարկով ներկայացուց կաթողիկոսին մտաւորականի յատկանիշներն ու բազմաբեղուն վաստակը։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեան։ Հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, որպէսզի կատարէ հատորին ներկայացումը։ Տէր հայրը սահիկներու ցուցադրութեամբ սպառիչ ձեւով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, անոր էջերով արծարծուած պատմական, եկեղեցագիտական, աստուածաբանական, ծիսագիտական եւ ազգային նիւթերը՝ վեր առնելով վեհափառին մտասեւեռումները եւ հատորէն մէջբերելով դիպուկ հատուածներ։ Ան նշեց, որ հատորը կը բաղկանայ 10 գլուխներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատգամ մը ունի ընթերցողին։ Տէր հայրը բովանդակալից կերպով խօսեցաւ հատորի իւրաքանչիւր գլուխին մասին, որ կը ներկայացնէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, տեղն ու դերը քրիստոնէական եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ, աստուածաբանական իւրայատկութիւնները, գլխաւոր աւանդութիւնները, հաւատամքը, մշակութային աւանդներն ու հարստութիւնները, ընկերային ու դաստիարակչական մարզի մէջ ունեցած առաքելութիւնը, յարաբերութիւնները քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու եւ յարանուանութիւններու հետ։ Ան իր ներկայացումը եզրափակեց կաթողիկոսին այն մտածումով, որ այսօր մենք կը գտնուինք համաշխարհայնացած ընկերութեան մը մէջ եւ այժմ եկեղեցի ու ազգ ենք՝ առանց սահմաններու, ուստի պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ պահպանենք մեր ինքնութիւնը՝ հաղորդ ըլլալով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։
Երեկոն ունէր գեղարուեստական բաժին. երիտասարդ երաժիշտ Արին Սարգիսեան սրինգի վրայ ներկայացուց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի աշակերտուհիներէն Նայիրի Արթունեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Երանկի»ն եւ Աբրահամեանի «Prelude No. 16»ը, իսկ Նեկտար Չիլեան երգեց «Բարի Արագիլ»ն ու «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն, ապա քանոնի վրայ ներկայացուց հայկական եղանակներ։
Ողջունահանդէսի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց առաջնորդը: Ան առաջին հերթին գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները, հատորը ներկայացնող քահանայ հայրն ու գեղարուեստական բաժինի մասնակիցները։
Ապա խօսելով «The Armenian Church» հատորին մասին՝ սրբազան հայրը նշեց, որ այս եզակի գիրքը պատրաստուած է այս դարու պահանջներուն իբրեւ արդիւնք, որպէսզի մեր եկեղեցին նախ եւ առաջ ծանօթացուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ապա նաեւ լուսարձակի տակ բերուին այսօրուան մարտահրաւէրները։ Առաջնորդը նշեց, որ այս փոքրիկ համայնագիտարանին մէջ, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտած է բարենորոգման եւ Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը, որ օր ըստ օրէ մեծ հրամայական կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ ու ազգին համար։ «Մարտահրաւէրներն ու հիմնախնդիրները անխուսափելի են մերօրեայ կենցաղին մէջ, ուստի, այսպիսի հատորներ կը ծառայեն եւ պէ՛տք է ծառայեն այդ նպատակին։ Հետեւաբար, այս գիրքի հրատարակութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին վերանորոգման եւ բարեկարգութեան պատգամը այժմէական է ու հրամայական», շեշտեց սրբազանը։ Առաջնորդը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով հոգեւորականաց դասը, որ այս հատորը ընդունի իբրեւ առաքելութեան վերանորոգման հրաւէր, իսկ աշխարհական նուիրեալ ծառայողներուն համար՝ ըլլայ ծառայական կեանքի յանձնառութեան եւ ուխտի վերահաստատում, որպէսզի միասնաբար լծուինք հայ եկեղեցւոյ ու ազգի ծաղկման եւ բարգաւաճման գործին։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ: