
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Էրմենիհապեր».- Վերջին քանի մը օրերուն, Թուրքիոյ մէջ արձանագրուեցան լրագրողներու ձերբակալութեանց քանի մը դէպքեր։ Արդարեւ, Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները, որոնք արդէն իսկ բաւական փխրուն վիճակ կը պարզեն, դէմ յանդիման կը գտնուին նոր ճգնաժամի մը հետ, այս անգամ՝ գերմանահպատակ թարգմանիչ-լրագրողի մը՝ Մեշալէ Թոլուի ձերբակալութեան պատճառով։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆըր յայտարարեց, որ Անգարա այս մասին իրազեկ չէ պահած Գերմանիոյ իշխանութիւնները եւ չէ կատարած դիւանագիտական իր պարտաւորութիւնը։ Ան ցաւ յայտնեց, որ գերմանացի դիւանագէտները ցարդ չեն կրցած հանդիպում մը ունենալ թրքական ծագումով գերմանացի լրագրողին հետ։ «Այսպիսի դէպք մը կ՛ոտնահարէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի ուխտը», ըսաւ Շեֆըր, աւելցնելով, որ այս ձերբակալութեամբ՝ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած գերմանահպատակ անձերու թիւը բարձրացաւ վեցի։ Նշենք, որ բանտարկուած կը մնայ նաեւ «Վել»չ թերթի թղթակից Տենիզ Եուճել։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ձերբակալուած է «National Geographic»ի ֆրանսացի լրագրող Մաթիաս Տեփարտօն, որ կը լուսանկարէր պատմական Հասանքէյֆ քարանձաւային քաղաքը, որ ոչնչացման վտանգին տակ է: Ձերբակալուած է նաեւ լրագրողին թարգմանիչը: Երկուքն ալ կ՛ամբաստանուին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու յանցանքով: Դատարանը որոշած է արտաքսել ֆրանսացի լրագրողը, սակայն անոր փաստաբանները դիմած են դատարան՝ արտաքսման որոշումը բեկանելու պահանջով: Ան ներկայիս Այնթապ տեղափոխուած է:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, նման մեղադրանքով մը Թուրքիայէն արտաքսուեցաւ իտալացի լրագրող մը, որ Սուրիոյ պատերազմին եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման մասին իր գիրքին համար որոշ նիւթեր հաւաքելու գացած էր Թուրքիա։
Վերջապէս, Մայիս 12ին ձերբակալուած է նաեւ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէ»չ թերթի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւվենը։ Լրագրողներու միութիւնը դատապարտեց այս ձերբակալութիւնը եւ ընդդիմադիր թերթին վրայ շարունակուող ճնշումները։
«Ճումհուրիյէ»չի 12 խմբագիրներ եւ թղթակիցներ արդէն իսկ աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր բանտարկուած են, Կիւլենի կամ քրտական շարժումներու ի նպաստ գործունէութիւն տանելու ամբաստանութեամբ։