ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ապրիլի վերջաւորութեան մեկնած էր Անթիլիաս, ուրկէ ապա անցաւ Արցախ, միանալու համար «Նոր Կիլիկիա» գիւղի ծրագիրի երկրորդ բաժինի բացման արարողութեան եւ Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակի տօնակատարութեանց:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տարիներ առաջ յանձն առաւ Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ Նոր Կիլիկիա գիւղի վերակառուցումն ու նորոգումը: Գիւղը օժտուեցաւ նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով:
Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեանց կարգադրութեամբ, այս բնակարանները առաջնահերթութեան կարգով կը յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ բազմազաւակ ընտանիքներու: Ցարդ կառուցուած են 32 բնակարաններ եւ վերանորոգուած բազմաթիւ բնակարաններ:
Երկուշաբթի, Մայիս 8ին տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի նորակառոյց բնակարաններուն պաշտօնական բացումը՝ նախագահութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, մասնակցութեամբ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի անդամներէն՝ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ինչպէս նաեւ Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեանի: Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Ճինպաշեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Ալեք Պաղտասարեան: Նշենք, որ այս բնակարանները արցախցի ընտանիքներու յանձնուող բնակարաններուն երկրորդ խումբն են:
Գիւղի բնակիչները աղ ու հացով դիմաւորեցին պատուիրակութիւնը: Բացման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Տնօրհնէքի արարողութեամբ. Սեպուհ սրբազան ընթերցեց կաթողիկոսի Օրհնութեան գիրը, ապա, հանդէս եկաւ ողջոյնի ու սրտի խօսքով: Աւարտին, կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը այցելեց նորակառոյց բնակարանները:
Մուշեղ սրբազանն ու կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Արցախի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ այս առթիւ իրենց ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անհուն ուրախութիւն եւ բերկրանք արտայայտեցին:
Բնակիչները երախտագիտական արտայայտութիւններ ուղղեցին վեհափառ հայրապետին ու այս ծրագիրի իրականացման մասնակցիներուն: Օրը տօնական էր. ժողովուրդը երգով, պարով ու խանդավառութեամբ արտայայտեց իր ցնծութիւնը:
ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Շուշիի ազատագրութեան 25ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Մայիս 9ին, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ: Օրը կը նշէր նաեւ Արցախի բանակին կազմաւորման տարեդարձը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արցախի նախագահ Բագօ Սահակեանի, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ պետական այլ դէմքերու գլխաւորութեամբ, մեծ թիւով հայորդիներ քայլարշաւով մը ուղղուեցան նախագահական պալատէն դէպի Ստեփանակերտի Նահատակներու յուշակոթողը: Բազմաթիւ պատանիներ եւ երիտասարդներ, 25ամեակը խորհրդանշող՝ 25 մեթր երկարութեամբ եռագոյնով մը մասնակից դարձան թափօրին, երգերով ու բացագանչութիւններով: Շքախումբն ու ժողովուրդը ապա համախմբուեցան Ստեփանակերտի Նահատակներու յուշակոթողին առջեւ, յարգանքի տուրք մատուցելու համար Արցախի ազատագրութեան պայքարի ճամբուն ինկած նահատակներուն: Վերոյիշեալներուն կողքին ներկայ էին նաեւ զինուորական եւ քաղաքային պատասխանատուներ ու ազատամարտիկներ:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մասնակից եղաւ հանդիսութեան եւ իր կարգին, ծաղիկ զետեղեց յուշարձանին դիմաց:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք: Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան «Արցախի Հրասայլ» յուշարձանին եւ Վազգէն Սարգսեանի յուշակոթողին առջեւ:
Աւելի ուշ, Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երգահանդէս եւ հրավառութիւն:
Յայտնենք նաեւ, որ նախագահ Բագօ Սահակեան ընդունեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը. հանդիպումին ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդն ու այլ պատասխանատուներ:
Հինգշաբթի, Մայիս 11ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդն ու Թեհրանի թեմի առաջնորդը հիւրընկալուեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ, փոխանցեցին Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները եւ տեղեկութիւններ հաղորդեցին դէպի Արցախ իրենց առաքելութեան մասին: