Ատրպէյճանական կողմը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Արցախի տարածքին «Yell Extreme Park» ընկերութեան կողմէ զբօսաշրջային թռիչքներ իրականացնելու ծրագիրին շուրջ: Արդարեւ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը այս ծրագիրը որակած է իբրեւ «բանակցային գործընթացը խափանող սադրանք», եւ կոչ ըրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելու:
Իրականութեան մէջ, այս մէկը ընդամէնը զբօսաշրջութիւնը խթանելու նպատակով իրականացուող մասնաւոր նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակն է երկինքէն ցոյց տալ Արցախի գեղեցկութիւնը եւ ծանօթացնել անոր տեսարժան վայրերը: Ուղեւորութիւնները պիտի իրականացուին երկտեղանի փոքր օդանաւերով՝ Ստեփանակերտ-Շուշի երթուղիով, օդի մէջ 20-25 վայրկեան տեւողութեամբ: Մինչդեռ, ատրպէյճանական կողմը սոյն ծրագիրը կը ներկայացնէ իբրեւ Ատրպէյճանի օդային տարածքի խախտում՝ շարունակելով Ստեփանակերտի օդակայանին շուրջ օրին իր բարձրացուցած աղմուկը:
Ըստ էութեան, ասիկա ներպետական զբօսաշրջային թռիչքներ իրականացնելու ծրագիր է, որ որեւէ առնչութիւն չունի Ատրպէյճանի հետ եւ չունի միջազգային համաձայնեցման անհրաժեշտութիւն: Ի վերջոյ, տուեալ օդանաւերով իրականացուող թռիչքները քիչ կը տարբերին ուղղաթիռներով պարբերաբար իրականացուող թռիչքներէն, եւ որեւէ կերպ չեն կառավարուիր միջազգային չափանիշներով: Բացի ատկէ, զարհուրելի է այն, որ Ատրպէյճանը հերթական անգամ կը յաւակնի սահմանափակել արցախցիներու ազատ տեղաշարժի իրաւունքը՝ փորձելով ամէն ձեւով խոչընդոտել հաղորդակցութեան ուղիներու, զբօսաշրջութեան եւ ընդհանրապէս Արցախի բնականոն զարգացման: Ասոնք քայլեր են, որոնք կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ որոնց դէմ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կոշտ քայլերու ձեռնարկէ: