Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Եթէ յանցանք մը գործած ես ու կ՛աշխատիս զայն նսեմացնել, աւելի մեծ յանցանք մը գործէ, կ՛ըսէ էրտողանեան փիլիսոփայութիւնը, որ այսօր գտաւ իր նորագոյն արտայայտութիւնը։
Անցեալ շաբաթ, Թուրքիոյ նախագահին Ուաշինկթըն այցելութեան օրը, թրքական դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած գայթակղալի արարքը զայն ծածկող թզենիի տերեւ մ՛անգամ չունի. միայն խօսքով չէ, այլ տեղւոյն վրայ արձանագրուած լուսանկարներն ու ժապաւէնները ցոյց տուին, որ Էրտողանի թիկնապահնե՛րն էին խաղաղօրէն բողոքի ցոյց կատարողներուն վրայ յարձակողներն ու զանոնք խոշտանգողները (տողերուս ընկերացող «Ուաշինկթըն Փոս»չի երգիծանկարը պերճախօս արձագանգ մըն է եղածին)։ Փաստօրէն, Էրտողան ու անոր «գամբռ»երը վարուեցան այնպէս՝ ինչպէս կը վարուին… Թուրքիոյ մէջ, փոքր ու մեծ ընդդիմադիրներու դէմ։ Եւ ահա, հերիֆը կը գանգատի, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ մարդիկ կարծիքի ազատութիւն կը վայելեն, կրնան իրենց չհաւնած մէկ կացութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրացնել… խաղաղօրէն։ «Օսմանցի սուլթանիկ»ը զայրացեր է, որովհետեւ քիւրտերուն ազատութիւն տրուեր է բողոքի ցոյց կատարելու, ա՛յն քիւրտերուն, որոնք ամէն օր աշխարհի ոսպնեակներէն հեռու կը ջարդուին դաժանօրէն, այնպէ՛ս, ինչպէս Թուրքիոյ իշխանութիւնները սովոր են ջարդել ընդդիմադիրներ, անոնք ըլլան հայ, քիւրտ, արաբ, եզիտի կամ յոյն, այսօր թէ 100 տարի առաջ։ Ու մարդը նաեւ դասեր տալու ելած է, յայտարարելով, որ քիւրտերը ահաբեկիչ են ու պէտք չէ վայելեն Ուաշինկթընի աջակցութիւնը։ «Իմաստո՜ւն»ը չ՛անդրադառնար, որ բացայայտ խոստովանութիւն մը կ՛ընէ իսլամական ծայրայեղականներուն իր զօրակցութեան մասին…
Ամերիկեան մամուլն ու քաղաքական պատասխանատուներ, ՄըքՔէյնէն մինչեւ Թելըրսըն, այս անգամ արդարօրէն քննադատողի դիրքէ մօտեցան էրտողանեան սանձարձակութեան։ Չէ՞ որ ամէն բան տեղի ունեցաւ օր ցերեկով, աշխարհի աչքերուն առջեւ, առանց ծածկոյթի…
Ամերիկեան քաղաքական շրջանակներուն ու մամուլին զայրոյթը, բարձրացած դժգոհութիւնը բաւարար չէ. Եւրոպան ալ օր աւուր ինքզինք կը գտնէ էրտողանեան պարսաւանքներու դէմ յանդիման։ Ժամանակը հասած է բռնատէր «սուլթան»ին ականջները քաշելու եւ անոր երեսին տալու ոճրային արարքները, որոնք կը սկսին ներքին ճակատին վրայ բռնարարքներէն, կ՛անցնին Իրաքը, Սուրիան ու արաբական այլ երկիրներ պատուհասող ծայրայեղական խմբաւորումներուն աջակցութենէն եւ կը հասնին աշխարհին դասեր տալու։
…Եթէ ականջ քաշելու արարքը ատենին սկսէր, Էրտողան այսօր կա՛մ զրկուած պիտի ըլլար ականջներէն, կամ ալ ականջները գերազանցած պիտի ըլլային «համեստ չորքոտանի»ին ականջները։
22 Մայիս 2017