Մայիս 30, 2017ին, Թուրքիոյ մէջ սպաննուած է իշխանամէտ, հակահայ «Եէնի Աքի»չ թերթի խմբագիրը։ Թրքական լրատուակայքերու համաձայն՝ նշեալ թերթի խմբագիրը Քատիր Տեմիրել, սպաննուած է իր փեսային կողմէ, աղջկան տան մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութեան մը ընթացքին:
Տեմիրել այս թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը ստանձնած էր անցեալ տարի, երբ Սէուտական Արաբիոյ մէջ սրտի կաթուածէ մը մահացաւ թերթի նախկին խմբագիր Հասան Քարաքայան:
Յիշեցնենք, որ Քատիր Տեմիրելն ու իր խմբագրած թերթը յայտնի են իրենց հակահայ եւ հակաքիւրտ դիրքորոշումներով ու հրապարակումներով: