ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան համար փոխուած ամբաստանագիրը ընդունուած է Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններ քննող 14րդ դատարանին կողմէ:
Մեղադրական նոր ծրարով Տինքի սպանութեան մէջ կասկածելի կը նկատուին մօտաւորապէս 50 անձեր, որոնց մէջ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող եւ էրտողանի քաղաքական հակառակորդը դարձած իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլեն, թուրք զինուորականներու դէմ նախապէս հետաքննութիւնը ղեկավարած իսկ այժմ Թուրքիայէն փախուստ տուած նախկին դատախազ Զեքերիա Օզ, կիւլենականներու մօտիկ՝ փակուած «Զաման» թերթի գլխաւոր խմ-բագիր Էքրեմ Տումանլը:
Դատարանը երկու առիթներով դատախազին ետ ուղարկած էր մեղադրականը՝ թերութիւններու առկայութեան հիմնաւորումով:
Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը նախորդ տարիներուն տարբեր շրջադարձեր ունեցած է եւ գլխաւոր մեղադրեալներուն անունները փոխուած են՝ մենկած Թուրքիոյ մէջ քաղաքական իրավիճակի փոփոխութենէն: