ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քալիֆորնիայէն հանրապետական քոնկրեսական Տանա Ռորպաքըր կոչ ուղղած է արգիլելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ:
Ներկայացուցիչներու տան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին յարաբերութիւններու ենթայանձնախումբի նախագահ քոնկրեսականը, լսումներու ընթացքին, 16 Մայիսին Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներու դէմ գործուած յարձակումը քննելու ժամանակ նշելէ ետք, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ եւ Էրտողանի ներկայութեամբ՝ պահանջած է արգիլե՛լ Էրտողանի այցելութիւնը:
«Այդ զզուելի եւ ֆաշական յարձակումի տեսագրութիւնը սահմռկեցուցիչ է: Առնուազն 11 անմեղ ամերիկացիներ արիւնահեղութեան ենթարկուած են: Բացի ատկէ, որոշ թիկնապահներ այնքա՛ն յանդգնութիւն ունեցած են, որ ձեռնամարտի բռնուած են ամերիկացի օրինապահներու հետ: Մինչ այդ, Էրտողան հանգիստ կը դիտէր կատարուածը: Կը դժուարանամ հաւատալ, որ այդպիսի կազմակերպուած անվտանգութեան ծառայութեան անդամներ կրնային այդպիսի ջարդ մը կատարել՝ առանց ղեկավարի հրահանգին», շեշտած է քոնկրեսականը: