ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրած է Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն եւ անոր կողմնակիցներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի պատկերները՝ հրապարակելով դէպքի մասնակիցներուն լուսանկարները:
Թերթը կը նշէ, որ բախումը ակնյայտօրէն սկսած են երկու մարդիկ, որոնց ինքնութիւնը, սակայն, մինչեւ այսօր յստակ չէ:
Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ ծեծկռտուքի մասնակիցներէն առնուազն 10 հոգի հաստատ եղած են Էրտողանի թիկնազօրի անդամ, առկայ տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, որ անոնք կը կրեն սեւ համազգեստ, ականջակալներ եւ անոնցմէ առնուազն չորսը զէնք ունեցած է:
Յայտնի է նաեւ, որ կռուին մասնակցած են Էրտողանի թիկնազօրի հետ կապ չունեցող, սակայն Թուրքիոյ նախագահին կողմնակից համարուող թուրքեր, որոնք թէեւ զէնք չեն կրած, սակայն մասնակցած են ծեծկռտուքին՝ բռունցքներով ու ոտքերով հարուածներ հասցնելով գետին յայտնուած ցուցարարներուն:
Պարբերականին հրապարակած տեսանիւթերը կրնաք դիտել www.nytimes.com/interactive/2017/05/26/us/turkey-protesters-attack-video-analysis.html?_r=2 կայքէջին վրայ։
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ Էրտողանի այցին դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու խումբը յարձակման ենթարկուած էր էրտողանամէտ խումբերու կողմէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դէպքին վերաբերեալ վկայութիւն տուած էր Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամներուն առաջ: Համբարեան, որ Մայիս 16ին կը գտնուէր դէպքի վայրը ու տեսանկարահանած էր, թէ ինչպէս Էրտողանի թիկնապահները դաժանօրէն կը ծեծեն խաղաղ ցուցարարները, կոչ ըրած է ամերիկեան իշխանութիւններուն՝ համարժէք պատասխան տալու տեղի ունեցածին: