ՍԻՐԱՆՈՒՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Մարտ 1, 1928ին, Խարբերդ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սիրանուշ Միսաքեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Մայիս 27, 2017ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունիս 3, 2017, առաւօտեան ժամը 11ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւաակները՝ Անի եւ Սեպուհ Քէմանճեան
Հրաչ Միսաքեան
Թոռները՝ Յարութ եւ Անի Քէմանճեան
Պէթի եւ Փաթրիք Սիսլեան
Ալին Միսաքեան
Եղբայրը՝ Աւետիս եւ Սամար Նազարեան (Ւտալիա)
Եւ համայն Խնդիրեան, Նազարեան, Ուստագարայեան, Քիւրքճեան, Միքայէլեան,
Մարգարեան, Գաբրիէլեան, Ղազարեան եւ Սիսլեան ընտանիքները,
հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին։