«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 19-21, Լեհաստանի մէջ, Հայ Երիտասարդական Միութեան կողմէ նախաձեռնուած էր ուխտագնացութիւն՝ դէպի Սուրբ Փոլանուվ լեռ, ուր տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ երիտասարդ ուխտաւորները կ՛առաջնորդէր Լեհաստանի Հայոց հոգեւոր հովիւ Տաճատ վրդ. Ծատուրեանը: Խաչքարին մօտ անոնց միացած էին նաեւ կաթոլիկ միաբաններ՝ միասին աղօթելու առ Աստուած: Ուխտագնացութեան նպատակն էր երիտասարդներու հոգիին մէջ ամրապնդել կապը եկեղեցւոյ հետ, ինչպէս նաեւ՝ հայորդիներուն յիշեցնել, որ զոհերու յիշատակը պէտք է մշտավառ պահել:
Նշենք, որ այս տարի ուխտաւորներուն թիւը կը հասնէր շուրջ 70ի. անոնք եկած էին Լեհաստանի զանազան քաղաքներէ: