ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Հայերն Այսօր».- Հինգշաբթի, 31 Մայիսին, Պուէնոս Այրեսի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ բժիշկներու միջազգային 12րդ համագումարը (AMWC):
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց արժանթինահայ ակնառու բժիշկ, վարակաբան Դանիէլ Ստամպուլեան: Առաջին նիստի ընթացքին խօսք առին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ու առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանը։
ՀՀ սփիւռքի նախարարը իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց սոյն միջոցառման կազմակերպիչներուն՝ ՖԱՅԴԷՔ հիմնադրամին, «Ստամպուլեան» հիմնադրամին եւ ՊԼԱՍի աշխատակազմերուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անգնահատելի լուման դրած էին սոյն համագումարի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
Նախարարը նաեւ յոյս յայտնեց, որ համագումարը կը համախմբէ աշխարհի հայ բժշկական ներուժը՝ ի նպաստ Հայաստանի առողջապահական համակարգի զարգացման։
Հայ բժիշկներու միջազգային 12րդ համագումարը պիտի աւարտի Ուրբաթ, Յունիս 2ին: