ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 1 Յունիսին, ՖԻՖԱն հրապարակեց Ազգային հաւաքականներու դասակարգման վարկանշային ցուցակը, ուր Հայաստանի ընտրանին գրաւած է 68րդ դիրքը՝ մէկ տեղ նահանջելով նախորդ ամսուան ցուցանիշին համեմատ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս, Հայաստանի խումբը ոչ մէկ մրցումի մասնակցած է:
Համաշխարհային այս ցուցակի առաջին տասնեակին մէջ փոփոխութիւն չէ եղած։ Առաջին տեղը կը շարունակէ գրաւել Պրազիլը, որուն կը յաջորդեն Արժանթինը, Գերմանիան, Չիլին, Քոլոմպիան, Ֆրանսան, Պելճիքան, Փորթուկալը, Զուիցերիան եւ Սպանիան:
Աշխարհի ախոյեանութեան 2018ի ընտրական փուլին մէջ Հայաստանի մրցակիցներէն՝ Լեհաստանը կը բաժնէ 10րդ դիրքը Սպանիոյ հետ, իսկ Ռումանիան 46րդն է: