ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ, Ազգային Առաջնորդարան.- 21-23 Մայիսին, հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի, Պերլինի մէջ կայացաւ միջ-կրօնական միջազգային համագումար, մասնակցութեամբ 53 երկիրներէ հրաւիրուած աւելի քան հարիւր կրօնաւորներու եւ միաստուածեան երեք կրօններու կրօնապետներու: Խորհրդաժողովը կը կրէր «Կրօններու պատասխանատուութիւնը խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ» ընդհանուր խորագիրը, որ իր տեսակին մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած առաջին խորհրդաժողովն էր:
Նախարար Կապրիէլէն ուղղակի հրաւէր ստանալով, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Պերլին, իր մասնակցութիւնը բերելու յիշեալ խորհրդաժողովին:
Բացման նիստին ներկայ գտնուելով, արտաքին գործոց նախարարը անձամբ ողջունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնաւորները՝ ըսելով. «Առաջին անգամն է, որ մեր նախարարութեան շէնքը, այսքան տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու սքեմներուն տարբերութիւններով կը գեղեցկանայ»: Մուտքին, նախարարը ողջունողներուն շարքին էր նաեւ սրբազանը, որ Ատրպատականի հայութեան եւ ընդհանրապէս հիւսիսային Իրանի քրիստոնեայ համայնքներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նման նախաձեռնութեան համար, որ բոլոր կրօններուն համար քաջալերական երեւոյթ է: Արամ Ա. կաթողիկոս եւս սոյն ժողովին հրաւիրուած ըլլալով, այլ պատասխանատւութեան բերումով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, սակայն իբրեւ ներկայացուցիչ ուղարկած էր կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յանձնախումբին ատենապետուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ նիստերուն:
Երեք օրերու վրայ տարածուած խորհրդաժողովը կրօններու ներկայացուցիչներու փոխադարձ ծանօթացումէն բացի, նպատակ ունէր քննարկել կրօններուն օժանդակ կարեւոր դերակատարութիւնը պետութիւններու կողքին, դիմագրաւելու համար մարդկութեան կեանքը վրդովող բազմաթիւ դժուարութիւններ: Կրօններու անունով տեղի ունեցող վայրագութիւնները, որոնց հետեւանքով սպանութիւնները, պատերազմները եւ ստիպողական գաղթերը զսպելու միտող բոլոր բարի տրամադրութիւնները մէկտեղելու եւ միասնական ջանքերով համայն մարդկութեան ապրած նորօեայ տագնապները չէզոքացնելու օրակարգեր քննարկեց ժողովը:
Խմբակային բոլոր աշխատանքներուն ընթացքին, օրակարգի յատուկ նիւթով քննարկուեցաւ այն հարցը, թէ ի՞նչ ուղղութիւն կրնան առաջարկել կրօններու ներկայացուցիչները, որոնց հետեւելով, Գերմանիոյ պետութիւնը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը: Ներկայ աշխարհի ապրած տագնապի շրջագիծէն ներս, գնահատական խօսքեր լսուեցան, Միջինարեւելեան իրենց երկիրները ստիպողաբար լքած եւ Եւրոպա ապաստանած գաղթականներու պարագային, Գերմանիոյ պետութեան ցուցաբերած լայնախոհ մօտեցումները նկատի ունենալով:
Իւրաքանչիւր կրօնի ներկայացուցիչ, նաեւ տեղական մակարդակի վրայ իր փորձառութիւնը բաժնեց, այլ երկիրներու մէջ ապրող կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ, տեղական դժուարութիւնները եւ կամ՝ ընդհակառակը՝ հանդուրժողութեան եւ գոյակցութեան երեւոյթները ներկայացնելով: Առաջնորդ սրբազանը այս գծով լայնօրէն անդրադարձաւ Իրանի մէջ հայ համայնքի անձնական իրաւունքներուն եւ մասնաւորապէս Ատրպատականի մէջ մեր ժողովուրդին վայելած գովելի առանձնաշնորհներուն, հակառակ Ղարաբաղեան հակամարտութեան ստեղծած տագնապին: Ղոմէն ժամանած իսլամ կրօնաւորներ, իրենց հերթին յիշեցին իրանահայ համայնքը իբրեւ օրինակելի փոքրամասնութիւն, որ ազատութիւնը ունի Իրանի մէջ ապրելու իր կրօնական եւ ազգային կեանքը:
Եռօրեայ խորհրդաժողովը իր վերջին նիստին ընթացքին իրազեկ դառնալով Մանչեսթերի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, դատապարտումի գիր հրապարակեց՝ իր զօրակցութիւնը յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: Հաւաքական սոյն նիստին ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը սովորական հանդիպումէ աւելին որակեց սոյն խորհրդաժողովը, զայն համարելով սկիզբ մը միայն, որ պիտի շարունակուի յառաջիկային, ամրապնդելով կրօններու միասնական ներդրման հնարաւորութիւններու հիմքը, անմիջական յարաբերութիւններու եւ անձնական ծանօթութիւններու միջոցաւ: