Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Հրանդ Մաթեւոսեան
– «Արմենական Կուսակցութիւն – 130», կազմող եւ խմբագիր՝ Սուրէն Սարգսեան, Երեւան, 2017, 164 էջ (14.4 x 20 սմ.) (2 Նոյեմբեր 2015ին ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կայացած գիտաժողովին նիւթերը): Լոյս տեսած է Վարդան Նազիրեանի մեկենասութեամբ:
– «Աւետիք Իսահակեանի Նամակները», Արփիկ Աւետիսեան (կազմող եւ համածանօթագրող), խմբագիր եւ համածանօթագրող՝ Լիլիթ Աւագեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 474 էջ (15.6 x 24 սմ.) (նախապէս տպագրուած կամ անտիպ 267 նամակներ, լուսանկարներ, ուրուանկարներ, անձնանուններու ցանկ, ծանօթագրութիւններ): Հատորը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ:
– «Կեանքիս Յուշերը», Փանոս Թերլեմեզեան, բնագիրը հրատարակութեան պատրաստեց, յառաջաբանը եւ ծանօթագրութիւնները գրեց Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2017, 420 էջ (սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, Թերլեմեզեանի կտաւներու գունաւոր լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ):
– «Արեւմտահայութիւնն Օսմանեան Կայսրութեան Գաղտնի Ծառայութիւնների Թիրախում 1878-1923թթ.», Յակոբ Հատիկեան, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գիտա-ուսումնական կենտրոնի հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 275 էջ:
– «Մաթեւոսեանական Ընթերցումներ», խմբագիրներ՝ Ազատ Եղիազարեան եւ Ժենիա Ռոստոմեան, Հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 288 էջ (Հրանդ Մաթեւոսեանին ու անոր գրականութեան նուիրուած եւ հրատարակիչ համալսարանին մէջ 2010ին ու 2015ին տեղի ունեցած երկու գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածու): Տպագրուած է յիշեալ համալսարանի գիտական եւ գիտա-հրատարակչական խորհուրդներու որոշումով:
– «Յովհաննէս Շիրազ. Բանաստեղծը, Մարդը» Բ. գիրք, Սամուէլ Մուրատեան, խմբագիր՝ Ալպէրթ Մակարեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 408 էջ (14.5 x 20.2 սմ.) (Շիրազի սիրերգութիւններու, «Անի» եւ «Թոնդրակեցիներ» պոէմներու գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները եւ ուրիշ գրականագիտական հարցեր, 10 լուսանկար):
– «Միակուսակցական Վարչակարգի Ձեւաւորումը Խորհրդային Հայաստանում (1920ական Թուականներ)», Արարատ Մ. Յակոբեան, ՀՀի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 366 էջ:
– «Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Թատրոնում (1895-2015)», Բախտիար Յովակիմեան, «Էտիթ Փրին»չ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 378 էջ + 16 էջ նկարներու ներդիր (16.1 x 23.5 սմ.): Տպագրուած է « «Փիւնիկ» մարդկային ռեսուրսների զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ (տուեալ նիւթին մասին հանրագիտարանային ուսումնասիրութիւն, ներկայացումներու, որմնազդներու եւ յարակից նիւթերու բազմաթիւ սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, այս նիւթին մասին հեղինակուած թատրերգութեանց եւ կայացած բեմադրութեանց վայրերու ամբողջական ցանկեր):
– «Քիւրտերու Մասնակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան-Քրտական Գործօնը Արեւմտեան Հայաստանի Հարցի Լուծման Հայկական Հայեցակարգին Մէջ» Նիքոլայ Յովհաննիսեան, հայերէնէ թրքերէնի թարգմանիչ՝ Պետրոս Չաւիքեան, խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան, հրատարակութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2016, 76 էջ (13.9 x 19.2 սմ.) (Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր փուլերուն քիւրտերու աշխոյժ եւ անհերքելի մասնակցութիւնը, քրտական արդի յաւակնութիւնները հայոց հայրենիքի տարածքներուն նկատմամբ եւ քրտական գործօնը իբրեւ լուրջ խոչընդոտ Հայ Դատի արդարացի լուծման, քարտէսներ, հեղինակին կենսագրութիւնը), թրքերէն:
– «Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ. Հայեր, Ասորիներ Եւ Յոյներ 1913-1923», Ճորճ Ն. Շիրինեան, հրատարակութիւն «Զօրեան» հիմնարկի, հաւանաբար Միացեալ Նահանգներ, 2017, 444 էջ (երեք ժողովուրդներու դէմ գործուած թրքական ցեղասպանութեանց համեմատական նկարագրութիւնը՝ ընդհանրութիւններ եւ տարբերութիւններ, 8 լուսանկար, մատենագիտութիւն, անուանացանկ-առարկայացանկ), անգլերէն:
– «Թեկնածուն», Զարեհ (Էօքսիւզեան) Որբունի, արեւմտահայերէնէ թարգմանեցին Ճենիֆըր Մանուկեան եւ Իշխան Ճինպաշեան, Սիրաքուզի համալսարանի հրատարակչութիւն, Սիրաքուզ, Նիւ Եորքի նահանգ, Միացեալ Նահանգներ, 2016, 196 էջ (անգլերէն):
– «Պայթիւններ Թուրքիայում… Եւ Ոչ Միայն», Կարօ Վարդանեան, հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2017, 296 էջ + 64 էջ լուսանկար (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի 1975-1984 շրջանի գործունէութեան բազմաթիւ անյայտ ծալքեր՝ գրական-գեղարուեստական ոճով ներկայացուած, բազմաթիւ լուսանկարներ):
– «Վահան Տէրեանի Անյայտ Նախաձեռնութիւնը. Եղեռնից Փրկուած Հայ Որբերի Յուշերը», կազմող՝ Գէորգ Էմին-Տէրեան, Երեւան, հաւանաբար՝ 2017 (Վահան Տէրեանի խնդրանքով՝ Երեւանի Ցարսքաեայ փողոցին մէջ ապաստան գտած եւ Մեծ Եղեռնէն վերապրած 10-15 տարեկան 27 երեխաներու գրած ականատեսի յուշերը):
– «Սուրիացի Արաբ Ականատես Ֆայեզ ալ-Ղուսէյնի Յուշերը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին», Արշակ Փոլատեան եւ Լեւոն Սարգսեան, ներածութիւնը՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Նապիլ Թոհմէի, «Տար էլ Շարք» հրատարակչութիւն, Տամասկոս, 2017 (յառաջաբան, ներածութիւն, ծանօթագրութիւններ, ամփոփում, օգտագործուած գրականութեան ցանկ)
– «Թաղականին Կնիկը», Երուանդ Օտեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2016: Լոյս տեսած է հեղինակի մահուան 90ամեակին առթիւ, Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին մեկենասութեամբ: