ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ռուսիոյ բնակչութեան միայն 12 տոկոսը Հայաստանը կը նկատէ բարեկամ երկիր:
«Լեւատա» կեդրոնին կողմէ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներու համաձայն՝ Հայաստան 6րդ տեղը կը գրաւէ Ռուսիոյ բարեկամ երկիրներու ցանկին վրայ:
Այդ ցուցանիշը Հայաստանի գծով 2015ին եղած է 18 տոկոս:
Հարցման մասնակիցներէն 9 տոկոսը Ատրպէյճանը Ռուսիոյ բարեկամ կը նկատեն: