ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Հայրենիք».- Մայիս 25ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանէն պատուիրակութիւն մը, տեսակցութիւն ունեցաւ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեան եւ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Ճորճ Աղճայեան, Հայկ Օշական եւ Յովսէփ Աւագեան մաս կը կազմէին պատուիրակութեան:
Հանդիպման ընթացքին զանազան հարցեր արծարծուեցան, որոնց կարգին յատկապէս Ատրպէյճանի որդեգրած յարձակողական դիրքորոշումը, Արցախի հիմնահարցը, Միացեալ ՆահանգներՀայաստան տնտեսական յարաբերութիւններն ու յառաջիկայ տարուան ընթացքին, կատարուող Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակի նշումը:
Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ աւելի մօտէն եւ հետեւողական ձեւով գործակցիլ: Նշենք թէ, այս գծով, արդէն իսկ Հայաստանի դեսպանատունը կազմակերպած էր տեսակցութիւն-հաւաք մը, Չորեքշաբթի Մայիս 31ին, Նիւ Եորքի մէջ:
Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին գծով նկատի առնուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ: