ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է այս տարուան առաջին եռամսեակի ներդրումային ցուցանիշները: Օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները աճած են՝ 15 միլիառ դրամէն հասնելով 20 միլիառի:
Յատկանշական է, որ հակառակ տարեսկիզբին ռուսիաբնակ գործարարներու խոստումներուն եւ անոնց կողմէ Հայաստանի ներդրողներու ակումբ ստեղծելուն, կտրուկ կերպով նուազած է Ռուսիայէն ներդրումներու զուտ հոսքը՝ 12.7 միլիառ դրամէն հասնելով 1.6 միլիառի: