ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, Յունիս 22ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ուղեղային խոր գրգռումներու միջոցաւ դարմանումներուն նուիրուած ներկայացում մը:
Օրուան բանախօսն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօսներէն՝ դոկտ. Արթին Պետրոսեանս, որ նշեալ նորարական դարմանումներու մարզի մասնագէտ է։ Ձեռնարկի մուտքը ազատ է, սակայն տեղերու սահմանափակ ըլլալուն պատճառով, կը խնդրուի կանխաւ տեղեկացնել՝ դիմելով events@aesa.org հասցէին: Իրանահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 117 South Louise Street, Glendale, CA 91205։