ՊՈԼԻՍ.- Լոյս տեսաւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի «Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ» շարքի տասներորդ ու վերջին հատորը։ «Այս հատորը, որ «Յուշատետր» շարքի 87րդն է, կը բովանդակէ մեր լեզուի գեղեցկութեան ու ծանօթացման նուիրուած յօդուածներու վերջին շարքը, որ կ՛երկարի 730 թիւ յօդուածէն մինչեւ 804 թիւ յօդուած։ 804 յօդուածներով, ուրեմն, այս շարքին հեղինակը պտոյտ մը ըրաւ մեր լեզուի բառարաններուն ու գեղեցկութիւններուն մէջ, նաեւ ծանօթ կամ անծանօթ ոլորտներէ ներս, ընթերցողներուն հետ ձեռք ձեռքի, սիրտ սիրտի ման եկաւ հայոց լեզուի գեղեցիկ բառերուն միջեւ, նորութիւններ փնտռեց ու գտաւ, անդրադարձաւ եւ ուրիշներուն ալ յիշեցուց, թէ որքան ալ լաւ գիտնանք մեր լեզուն, տակաւին կան շատ բաներ, զորս չենք գիտեր, թէ ամէն լեզուի նման, մեր լեզուն ալ ունի անպեղելի խորութիւններ, եւ թէ մէկը եթէ կը սիրէ իր մայրենին, պարտի լաւ գիտնալ զայն ու լաւ գործածել զայն, կը գրէ «Մարմարա»։
Ռ. Հատտէճեան այս հատորի նախաբանին մէջ կ՛ըսէ, թէ պտոյտը կը վերջանայ թուղթի վրայ, բայց դեռ կը շարունակուի մեր միտքերուն մէջ։ «Առիթներ պիտի չպակսին, որպէսզի որքան ատեն որ այս երկրագունդին վրայ ենք, յանկարծ էջ մը բանանք սիրելի բառարանէ մը ու հարց տանք անոր, թէ ինչ կայ, ինչ չկայ որպէս նորութիւն», կը գրէ հեղինակը։ Ինչպէս նախորդներուն, այս հատորին կողքը եւս ձեւաւորուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ։
Էջադրութիւնը կատարուած է Նաիրա Սիւզմէի, փորձերու սրբագրութիւնը կատարուած է Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ եւ գիրքին տպագրութեան վրայ հսկած է Կարօ Համամճեան։