ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչօ, որ փրկուած է «Իսլամական պետութեան» (ISIS) հալածանքէն եւ քանի մը տարի առաջ վերաբնակութիւն հաստատած Արցախի մէջ, 9 Յունիսին իր նոր առանձնատան բնակարանամուտը նշեց Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ:
Առանձնատունը կառուցուած է «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ՝ Քաշաթաղի մէջ վերաբնակիլ ցանկացող սուրիահայերուն աջակցելուն ուղղուած ծրագիրի ծիրին մէջ:
Բնակարանամուտի հանդիսութեան մասնակցած են «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ եւ զարգացման տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավարի օգնականը, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ Իշխանաձորի գիւղապետը եւ տեղի լրատուամիջոցներու ու համայնքի ներկայացուցիչներ:
Հայկ Խաչօն իր երեք դուստրերուն հետ Արցախ տեղափոխուած է 2015ին՝ Սուրիական պատերազմին ընթացքին: Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն»ը առեւանգած էր բժիշկը եւ ստիպած հրաժարիլ քրիստոնէութենէն: Ազատ արձակուելէ ետք, Հայկ Խաչօ որոշած է ապաստան գտնել Արցախի մէջ եւ ընտանիքին հետ նոր կեանք սկսիլ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ:
Մասնագիտութեամբ նիարդաբան բժիշկ Խաչօ այժմ, իբրեւ ընդհանուր բժիշկ, կ՛աշխատի գիւղի միակ հիւանդանոցին մէջ, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ կառուցուած է 2004-2005 թուականներուն:
«Երբ առաջին անգամ ոտք դրի Իշխանաձոր, անմիջապէս զգացի տանս մէջ: Մարդիկ շատ ջերմ էին եւ զիս ընդունեցին բաց սիրտով: Ես եւ երեք դուստրերս՝ բոլորը դեռահաս, այստեղ շատ ապահով կը զգանք: Շնորհակալ եմ այս տան համար՝ անիկա իսկապէս նոր կեանք կը պարգեւէ մեզի», կը յայտնէ բժիշկ Հայկ Խաչօ:
Բժիշկ Խաչոյի առանձնատան կառուցումը սկսած է Սեպտեմբեր 2016ին եւ աւարտած Յունիս 2017ին: Ամայի աւերակներէ վերանորոգուած կացարանի փոխակերպուած այս առանձնատունը այժմ բոլորովին պատրաստ է Հայկ Խաչոյին եւ անոր երեք դուստրերուն համար արժանապատիւ կացարան ապահովելու:
«Մենք ուրախ ենք, որ ան նոր տուն գտած է իր նախնիներու հայրենիքին մէջ: Հայկը երկու անգամ բռնուած է «Իսլամական պետութեան» կողմէ եւ երկու անգամ անոր սպառնացած են սպաննել: Ան յաջողած է ողջ մնալ եւ երկու անգամ փախչիլ մահէն: Մեր պատիւը եւ պարտականութիւնն է աջակցիլ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն գալ եւ ապրիլ այս ազատագրուած հայկական տարածքներուն մէջ», կ՛ըսէ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան:
Հիմնադրամի խորհուրդի անդամ եւ զարգացման տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան, իր խօսքին մէջ կը նշէ Իշխանաձորի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ հարաւային Քաշաթաղի շրջանին մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածք: «Իշխանաձորը անցակէտ է, եւ մեր պարտականութիւնն է ապահովել, որ անիկա զարգանայ եւ համապատասխանաբար բնակեցուած ըլլայ: Հայկ Խաչօն իր ներդրումը պիտի ունենայ այս շրջանի զարգացման գործին մէջ: Գիւղը բացած է իր դռները Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ եկող հայերու դիմաց: Մենք ուրախութեամբ կրնանք ըսել, որ ասիկա Հայաստանն է, բոլոր հայերուն հայրենիքը», կը նշէ Գասպարեան: