ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 13 Յունիսի առաւօտեան ժամը 10ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի «Զուարթնոց» օդակայան ուղեւորուած է առաջին երթուղային հանրակառքը:
Երթուղին փորձնական է եւ պիտի գործէ շուրջօրեայ՝ 24 ժամ, իւրաքանչիւր ժամը մէկ անգամ:
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք՝ ուղեւորափոխադրումները պիտի իրականացուին Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններուն յարակից՝ գծանշումներով առանձնացուած տարածքէն, մեծ եւ փոքր հանրակառքերով, որոնք կահաւորուած են օդորակիչներով եւ օդափոխիչներով:
Փոխադրավարձը մէկ ուղեւորի համար 300 դրամ է:
«Զուարթնոց» մեկնող հանրակառքի առաջին ուղեւորները լրագրողներն ու Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան ներկայացուցիչներն էին:
«Մեր քաղաքացիները շատոնց արժանի էին բարձրակարգ, յարմարաւէտ հանրակառքերով ուղեւորուելու օդակայան եւ այնտեղէն վերադառնալու: Մասնաւոր հատ-ուած-պետութիւն համագործակցութեան արդիւնքով որոշեցինք փորձարկել այս նոր երթուղին՝ հասկնալու համար, թէ որքա՛ն պահանջ կայ ատոր», «Մեդիամաքս»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է նախարարի տեղակալ Արամ Արսէնեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ երթուղիի ժամանակաւոր սպասարկող նշանակուած է «Էլիթ Պաս» ընկերութիւնը:
«Տակաւին յստակ չէ, թէ երթուղին շահաւէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ ոչ, եւ արդեօք մեր ճշդած 300 դրամ փոխադրավարձը կ՛արդարացնէ ինքզինք: Այս վտանգը հաշուի առնելով՝ մասնաւոր ընկերութիւններէ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է «Էլիթ Պաս» ընկերութիւնը, որ ճանչցուած է իբրեւ երթուղիի ժամանակաւոր սպասարկող: Մէկ-երկու ամսուան ընթացքին, երբ պարզ դառնայ երթուղիի պահանջը, պիտի որոշուի զայն դարձնել մշտական, պիտի յայտարարուի մրցոյթ եւ յաղթողին պիտի տրուի երթուղին սպասարկելու իրաւունքը», ըսած է փոխնախարարը՝ ընդգծելով, որ երթուղին պիտի գործէ առանց պետական օգնութեան:
Անդրադառնալով ուղեբեռի տեղափոխման հարցին՝ Արամ Արսէնեան նշած է, որ օդակայանի կարեւորագոյն պահանջներէն եղած է, որ բեռնախցիկը առանձնացուած ըլլայ ուղեւորասրահէն եւ ուղեւորը բեռով չբարձրանայ հանրակառք: Ըստ փոխնախարարին՝ գործարկուած երթուղիի հանրակառքերը լիովին կը համապատասխանեն այս պահանջին եւ ունին համապատասխան կահաւորանք:
Երեւան-«Զուարթնոց» օդակայան փորձնական երթուղին գործարկուած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յանձնարարականին համաձայն՝ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան կողմէ: