ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ կառավարութեան նոր ծրագիրը իր ոճով, հասցէականութեամբ կը տարբերի նախորդներէն:
«Կառավարութեան ծրագրի վերաբերեալ մեզ հետ քննարկումներ են եղել եւ վստահաբար կարող եմ ասել՝ համապարփակ ու մանրակրկիտ կազմուած ծրագիր է՝ յստակ ժամանակացոյցով ու ոլորտային յստակ առաջադրանքներով: Սա յաւակնոտ, լուրջ առաջադրանքներ պարունակող ծրագիր է, թէ տարի առ տարի ո՛ր ոլորտում ի՛նչ պիտի կատարուի: Այսպիսի մանրակրկտութեամբ, այսպիսի յստակ թիրախներով ծրագիր չկար. ե՛ւ ոճով, ե՛ւ կարող եմ ասել իր հասցէականութեան չափելիութեամբ տարբերւում է նախորդ տարիների ծրագրերից», ըսաւ ՀՅԴ պատգամաւորը:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործի գնահատման մասին խօսելով՝ Վարդանեան յայտնեց. «Հայաստանում իսկապէս սկս-ուել են որակական փոփոխութիւններ մի շարք ոլորտներում՝ հարկային, մաքսային ոլորտներում, տնտեսութեան տարբեր ճիւղերում իսկապէս նախաքայլերն են կատարւում»:
Ակնկալուող ներդրումներուն անդրադառնալով, Վարդանեան յայտնեց, որ «Ներդրումներն արդէն սկսուել են, մի ակնկալէք, որ մէկ օրում ձեր աչքի առաջ 850 միլիոն կը տեսնէք: Խնդիրները, որ ձեւակերպուած են, այլընտրանք չկայ, պէտք է իրականացուեն: Միեւնոյն է՝ ով կ՛իրականցնի: Մենք երբեւէ անձերի մասին չենք խօսել, ասել ենք՝ կարեւորը խնդիրները ճիշդ ձեւակերպելն է»:
Աղուան Վարդանեան նշեց, թէ Կարէն Կարապետեանի եռանդը Դաշնակցութեան կը բաւարարէ, սակայն ՀՅԴի համար կարեւոր չէ, թէ ով յետագային կը շարունակէ իրականացնել այդ ծրագիրը:
«Մեզ համար կարեւոր է, որ այն փոփոխութիւնները, որ սկսուել են, լուծուեն, անձերը կարեւոր չեն: Կարէն Կարապետեանի գործունէութիւնը լիովին բաւարարում է Դաշնակցութեանը», ըսաւ Վարդանեան: