ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պատասխանելով ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութեան հարցումներուն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Յունիս 20ին յայտարարած է, թէ Պաքու համաձայն է առարկայական բանակցութիւնները շարունակելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու կոչին:
Ան յայտնած է, թէ Պաքու համանախագահներուն անգամ մը եւս փոխանցած է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը եւ կարծիքներ փոխանակուած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու կարելիութիւններուն մասին:
«Բարի մտադրութիւններով բանակցութիւնները կրնան դրական արդիւնք տալ: Այդ պատճառով մենք կը պաշտպանենք բարի մտադրութիւններու եւ քաղաքական կամքի հիման վրայ առարկայական բանակցութիւնները շարունակելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն կոչը: Ատրպէյճանական կողմը բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ առարկայական բանակցութիւններ իրականացնելու», ըսած է Մամետեարով:
Ան պնդած է նաեւ, թէ ժամանակը հասած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ լուրջ քայլեր ձեռնարկուին: