ԹՈԼԻՏՕ, Օհայօ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի 12 թիկնապահներուն դէմ մեղադրանք առաջադրելու որոշումը դրական զարգացում մը համարած է Օհայոյի «Պլէյտ» թերթի խմբագրականը, աւելցնելով, որ կարելի չէ արտօնել, որ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ անոնց դաժան յարձակումը անպատիժ մնայ:
«Այժմ Թրամփի վարչակազմը պէտք է վճռական միջոցներու ձեռնարկէ այդ անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու կամ Էրտողանի կառավարութիւնը պատժելու համար, եթէ Անգարա համագործակցութենէն հրաժարի», գրած է թերթը:
Թերթը աւելցուցած է, թէ ամբաստանութիւններ անիմաստ պիտի դառնան, եթէ պատժամիջոցները գործադրելու համար բաւարար քայլեր չառնուին։
«Անմիջական քայլերու պէտք է դիմել, քանի որ այս մարդիկը կը մեղադրուին Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյց կատարելու իրենց իրաւունքէն օգտուող քաղաքացիներու վրայ յարձակելու յանցանքով: Այս մէկը անթոյլատրելի է: Կարելի չէ թոյլ տալ, որ արտասահմանեան ապահովական ուժերը մտածեն, թէ Ամերիկայի մէջ այլախոհութեան ճնշումը կրնայ մարսուիլ», նշուած է խմբագրականին մէջ:
«Թրամփի վարչակազմը պէտք է Թուրքիայէն պահանջէ զանոնց արտայանձնել: Եթէ սովորական ձեւերը չգործեն, նախագահ Թրամփ պէտք է բանակցութիւններ վարելու իր հմտութիւնները օգտագործէ՝ Էրտողանին յստակ հասկցնելու համար, որ մերժումը անհետեւանք պիտի չմնայ: Եւ եթէ այդ եւս մերժուի, ապա Միացեալ Նահանգներ պէտք է Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանատունը փակէ: Միայն այսպիսի քայլերով կարելի պիտի ըլլայ աշխարհին ցոյց տալ, որ Ամերիկայի մէջ խօսքի ազատութիւնը կատակի առարկայ չէ», եզրակացուցած է խմբագրականը: