Ս. Գ.
ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէն՝ շրջանի ուղեկից միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու հետ գործակցաբար, Ապրիլ 2ին եւ 9ին կազմակերպեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին նուիրուած աննախադէպ երկու ձեռնարկ՝ «Դիմադրում, Վերակառուցում, վերասահմանում» ընդհանուր խորագիրին տակ:
Ապրիլ 2ի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ (Ուաշինկթըն փողոց), ունէր ակադեմական բնոյթ: Առաւօտեան բաժինով «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Հիլտա Սալիպա ողջունեց ներկաները, ապա շեշտեց կարեւորութիւնը կազմակերպուած զոյգ ձեռնարկներուն, որոնք իրականութիւն դարձան այս առիթով յառաջացած Փասատինայի մէջ գործող ազգային հաստատութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու Միացեալ յանձնախումբին ջանքերով:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Թալին Հինտոյեան եւ ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեանը, որ անդրադարձաւ հայ կանանց ստանձնած դերին՝ Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան տարիներուն, առանձնացնելով Հալէպ հանգրուանած կարգ մը կիներու պարագան, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը՝ Նուրիձան, որ իբրեւ մանկաբարձ-դայեակ պահած է նոթատետրային այնպիսի արձանագրութիւններ, զորս պատմագէտներ այսօր կը նկատեն հում նիւթ՝ Աղէտին նախորդող եւ յաջորդող ժամանակահատուածները աւելի լաւ ուսումնասիրելու համար:
Ճաշի դադարէն ետք, Միացեալ յանձնախումբի անդամ Տօնիկ Տօնապետեան ներկայացուց արուեստագէտ-վաւերագրող նկարիչ Արա Օշականը, որ հայութեան ինքնութիւնը վերասահմանեց՝ արուեստագէտի իր պատկերացումները զուգորդելով իր ցուցադրած նկարներուն՝ բացատրելով, որ աւելի քան մէկ դար առաջ հայկական ինքնութիւնը կը սկսէր արեւմտահայաստանաբնակ հայ գերդաստանի մը ընտանեկան լուսանկարէն, ապա իր ոսպնեակին ընդմէջէն անիկա կը շարունակուէր վերապրող հայութեան նոր իրականութեան ընդմէջէն եւ կը հասնէր նոր ոստաններ: Օշական հայկական ինքնութեան տարբաղադրուած մասնիկները իբրեւ ապրող գոյութիւն «որսացած» ըլլալով Հալէպի, Պէյրութի, Հայաստանի եւ Ամերիկայի ընտանեկան, առօրէական եւ հաւաքական կեանքերու զանազան պահերէ, զանոնք առնչեց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ վերապրողներու վաւերագրական մեծադիր նկարներու ցուցադրութեան՝ տեղադրուած Լոս Անճելըսի Հանրային պարտէզներէն մէկուն մէջ, ցոյց տալով, թէ ինչպէս լուսանկարները նաեւ հայ ազգի բեկորներու վերակառուցման իրականութիւնը կը պատմեն ժամանակին ընդմէջէն:
Յիշեցնենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին Փասատինայի շրջանի պետական եւ հանրային ապահովութեան ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան հարիւր հայորդիներ: Աւարտին խօսք առաւ Փասատինայէն քոնկրեսական Ճուտի Չու, որ մեծապէս տպաւորուած զոյգ ձեռնարկներէն՝ ներկաները յորդորեց շարունակել պայքարը, մինչեւ աշխարհը ճանչնայ մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած առաջին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա շնորհաւորագիր շնորհեց Միացեալ յանձնախումբին՝ առ ի գնահատանք կատարուած աշխատանքին:
Ոգեկոչական ձեռնարկի երկրորդ բաժինը իրագործուեցաւ Ապրիլ 9ի երեկոյեան ժամը 6ին, Փասատինայի Նազովրեցիներու Առաջին եկեղեցւոյ «Լի» աղօթարանին մէջ, ուր անվճար ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «Women of 1915» վաւերագրական ժապաւէնը, աւելի քան 200 հայորդիներու ներկայութեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թալին Հինտոյեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց, թէ զոյգ ձեռնարկներուն նպատակն է շրջանին մէջ բարձրացնել հանրային գիտակցութիւնը հանդէպ Հայոց Ցեղասպանութեան, ապա ներկայացուց վաւերագրական ժապաւէնի հեղինակ-բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի կենսագրականը:
«Women of 1915» խիստ շահեկան եւ ազդեցիկ ժապաւէնի դիտումէն ետք, բեմադրիչը ներկաներուն փոխանցեց մանրամասնութիւններ իր աշխատանքին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին՝ նշելով, որ վաւերագրական այս ժապաւէնը կարեւոր ազդակ մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական պահանջներու հետապնդման ճամբուն վրայ, որովհետեւ հոն տեղ գտած բոլոր հարցերը, կնոջական տիպարներն ու երեւոյթները շօշափելի փաստերու հիմամբ նկատի առնուած են եւ խմբագրուած ու բեմադրուած՝ փոքր խումբի մը քանի մը տարուան հսկայական աշխատանքին, ապա կեանքի կոչուած՝ ՀՕՄի նիւթական նշանակալի յատկացումին եւ կարգ մը կազմակերպութիւններու եւ անհատական նուիրատուութեանց շնորհիւ:
«Դիմադրում, Վերակառուցում, Վերասահմանում» երկմաս ծրագիրը նաեւ լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ Փասատինայի շրջանի հայկական կառոյցներու միջեւ սերտ գործակցութեան ստեղծման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի նշումը իրականացնելով հայկական գաղութի պատշաճ տարողութեամբ եւ յաչս պետական անձնաւորութիւններու: Զոյգ ձեռնարկներու աւարտին Միացեալ Յանձնախումբի անունով շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան ձեռնարկներուն ներկայացած պետական, կուսակցական, միութենական, ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ անհատ նուիրատուներու, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնեցան Միացեալ Յանձնախումբի աշխատանքներուն: