ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Վերջերս յաճախ կը գրուի արեւմտահայերէնի նահանջին մասին: Այս յօդուածով չեմ ուզեր Շահնուր «հոտիլ», բայց նահանջը առկայ է ամէն քայլափոխի: Ցեղասպանութենէն ետք մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը եղաւ մեծնալ հայ, մնալ հայ. եւ քանի որ Արեւմտեան Հայաստանն ա՛լ անցած էր պատմութեան, մեր մտաւորական թէ ղեկավար մարմինները ամէն ճիգ թափեցին պահպանելու լեզուն իր ամէնէն մաքուր եւ ջինջ երանգներով: Այս բոլորին մէջ մեծ դեր խաղաց մամուլը, որ սրբութեան նման մտաւ տարագիր բոլոր ընտանեկան յարկերէն ներս: Այսօր հաւաքականօրէն երկու դժբախտութեանց առջեւ կը գտնուինք: Նախ այն, որ օտար բառեր փոխարինած են հայերէնը շատ մը պարագաներու, հակառակ անոր որ Սփիւռքի արեւմտահայ մամուլը հայաստանեան մամուլին չափ տակաւին չէ այլասերած, երկրորդ՝ մամուլը փոխարինուած է համակարգչային լուրերով, ուր հայ տարեցը առհասարակ չ՛այցելեր, իսկ երիտասարդն ալ կը բաւարարուի օտար աղբիւրներ կարդալով: Հայ մամուլը լուրերու աղբիւր մը չէր միայն, այլ «ուսուցիչ» էր: Այսօր մամուլը առհասարակ, դժբախտաբար, ուրիշ իրականութիւն մը կը պարզէ: Արեւմտահայերէնի դասաւանդումը մնացած է հայկական վարժարաններու ուսերուն: Դժբախտաբար հոն ալ որակաւոր ուսուցիչի պակասը կայ, իսկ շատեր ալ զոհ կը դառնան առեւտրական հաշիւներու, քանի որ դպրոցը այդ հնոցը չէ ալ, այլ դարձած է նիւթապաշտ մարդոց քմահաճոյքին առարկան: Արեւմտեան այս ափերուն հայ ուսուցիչին հետ կը վարուինք իբրեւ տան գետինը փռուած գորգի մը. կը կոխկռտենք վրան ու կ՛անցնինք՝ մոռնալով տարիներու անոր վաստակն ու նուիրումը: Դարձեա՛լ Շահնուրի խօսքերով՝ «Մեղայ Արարատին»:
Իսկ այս բոլորին մէջ եզակի դեր խաղացած է հայ մամուլի տիտաններէն Շաւարշ Միսաքեան: Այս մասին յատկապէս կը վկայէ Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններէն Ներսէս վրդ. Տէր Ներսէսեան, որուն աշակերտը ըլլալու բախտը ունեցած եմ 1985ի եւ 1986 ամառները: Այդ հրաշալի կղերականը, որ կոմիտասագէտ մըն էր նաեւ, իր յօդուածով, որ հրատարակուած է 1975ին, «Յառաջ»ի մէջ, կ՛անդրադառնայ Միսաքեանի տածած մեծ սիրոյն եւ գուրգուրանքին՝ արեւմտահայերէնին նկատմամբ: Ժամանակն է, որ մեր աչքերը բանանք եւ իրականութիւնը տեսնենք, քանի դեռ ուշ չէ:
Ստորեւ՝ յօդուածը.
«Մեծասքանչ»ին
Մեծ Դրօշակակիրը՝
Շաւարշ Միսաքեան
ՆԵՐՍԷՍ ՎՐԴ. ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Այս տարուան Օգոստոսի (1975-Ա. Գ.) կէսէն ի վեր կը տօնուի, աւելի ճիշդ՝ կը յիշատակուի «Յառաջ»ի յիսնամեակը, յատկապէս Ֆրանսայի մէջ, քաղաքէ քաղաք, տունէ տուն, դուռէ դուռ: Բայց «Յառաջ» չ՛ուզեր, կարծէք, փառաշուք հանդէսներ. կը նախընտրէ անաղմուկ շարունակել իր դերը՝ պահելով իր հարազատ դիմագիծը, միշտ աւելի թարմ ու կենսունակ, այժմէական լարի վրայ, գործունեայ ու դրական:
Եւ ի՜նչ դեր, ի՜նչ դիմագիծ…
Ատենին, «Յառաջ»ի մեծ աշխատակիցը՝ Շաւարշ Նարդունին, համադրական ակնարկով, Շաւարշ Միսաքեանի մասին կը պատգամէր, թէ հրապարակագրական աւետարան մը շարահիւսած է ան՝ սրբագործելով երկու գաղափար. նախ՝ պաշտամունք հայ լեզուի, եւ երկրորդ՝ պայքար հայապահպանութեան:
Արդարեւ, ասոնք եղան, յիսուն տարիէ ի վեր, «Յառաջ»ի զոյգ թեւերը՝ թռիչք տալու համար մեր ժողովուրդին՝ դէպի անմահութիւն: Կամ եթէ կ՛ուզէք՝ «Յառաջ»ի զոյգ կանթեղները, ամէն հայ տունի ու երիտասարդ կուրծքի տակ՝ լուսաւոր հաւատք մը արծարծելու համար, մեր ցեղի յաւիտենականութեան կնիքով դրոշմուած:
Եւ զոյգ այս լարերու ներդաշնակ ու խրոխտ հնչիւններով «Յառաջ» շեփորեց Վահագնեան երգ մը լուսաշող, որպէս «Շաւարշական աւետարան»՝ հայ գողգոթայի կարմիր ճանապարհի արիւնով մկրտուած, սփիւռքահայ երկունքին տառապագին ճիգերով նուիրագործուած:
Ճիշդ քառասուն տարի առաջ, կը յիշեմ, Ս. Ղազարի աշակերտ էի այն ատեն, մեր ուսումնապետ դաստիարակ հայրը երբեմն «Յառաջ»ի թիւեր կը բերէր մեզի. ինք կը կարդար անկէ, պտոյտի օրերուն, քալելով Լիտոյի ամայի ծովափին, մերթ «խմբագրականներ», մերթ լեզուական նիւթեր. ու մենք հիացումով կը ճաշակէինք Շաւարշ Միսաքեանի բիւրեղ լեզուն, անոր կտրուկ ու յստակ նախադասութիւնները, ջինջ գաղափարները-հայրենաշունչ ոգին: Երբեմն նոյնիսկ նորակերտ բառեր կը քաղէինք «Յառաջ»էն. օրինակի համար՝ սուզանաւ. մենք մինչեւ այն ատեն ընդծովեայ կ՛ըսէինք. ու մենք ալ, մեր մէջ, կը վիճէինք անոնց մասին. աշակերտական մեր թերթին մէջ լեզուական սիւնակ կը բանայինք, լուսահոգի հայր Արսէն Ղազիկեանի ու հայր Եղիա Փեչիկեանի ոգեւորիչ շունչէն խանդավառուած:
Հիմա, տարիներ ետք, Ս. Ղազարի մեծ ընթերցասրահին մէջ, երբ ամէն օր կը տեսնեմ հեւ ի հեւ ափ հասնող հարիւրաւոր հայերէն թերթեր, աշխարհի չորս ծագերէն, հին օրերը կը յիշեմ. աչքս իսկոյն «Յառաջ»ին կ՛երթայ. ու մե՞ղք է սա խոստովանանքը, երբ ըսեմ, թէ թիւ չեմ փախցներ. կը ցաւիմ մանաւանդ, որ թղթատարական պաշտօնէութիւններու յաճախակի գործադուլները չեն թոյլատրեր կանոնաւորապէս հետեւելու օրաթերթին:
Շաւարշ Միսաքեանի ականակիտ լեզուն, Սեւանայ լիճին ջուրերուն պէս յստակ, միշտ գրաւիչ բան մը ունէր:
«Եթէ արդի արեւմտահայերէնը հասած է մինչեւ այժմ չգերազանցուած բարձրութեան մը, կ՛ըսէր երբեմն Շաւարշ Նարդունի, շատ բան կը պարտինք Շաւարշ Միսաքեանի»:
Ես պիտի ըսէի, որ եթէ Սփիւռքի մէջ մեր լեզուն իսկապէս «մեծասքան»չ է, շատ բան կը պարտինք Շաւարշ Միսաքեանի «մեծասքան»չին:
Կը սիրեմ այն յայտարարութիւնը, շատ ճիշդ ու տեղին, որուն համաձայն, Շաւարշ Միսաքեան այն մեծերէն է, ինչպէս՝ Զարդարեան, Ղազիկեան, Վարուժան, որոնք կատարած են հայ լեզուին մէջ այն, ինչ որ Կոմիտաս վարդապետ՝ հայ երաժշտութեան մէջ. զտել հայկականը, յղկել ու տաշել զայն, մշակել ու զարգացնել, մէկ խօսքով՝ օրը օրին քանդակել մեր պաշտելի «մեծասքան»չը:
Ահա՛ մեծութիւնն ու արժէքը՝ Շաւարշ Միսաքեանի, որ կը յայտնուի նաեւ գործնական տեսարանի մը նկարագիրով ալ:
Լեզուն հարստացնելու, ճոխացնելու համար (Նարդունին է գրողը) Շաւարշ Միսաքեան կ՛առաջարկէր ո՛չ թէ գործածել օտար բառեր, ինչպէս սովորութիւն է կարգ մը արեւելահայ գրողներու մօտ, այլ նախ փնտռել համապատասխանը՝ մեր հին մատենագրութեան մէջ, երկրորդ՝ մեր բազմաթիւ բարբառներուն մէջ: Եթէ կը պակսի, կերտել նորը՝ վարպետութեամբ եւ համաձայն մեր լեզուի օրէնքներուն («Օրեր Եւ Ժամեր», Ներածութիւն, էջ ԺԸ. տպ. Փարիզ, 1958):
Ահա՛ ոսկեղէն օրէնք մը, որ ամէն հայ խմբագրի գրասեղանին վրայ ներկայ պէտք է ըլլայ միշտ:
Այս օրէնքով են քայլեր մեր հիները, երբ օրինակ մը տալու համար, տողանցքի հանած են մեր արդի լեզուին մէջ՝ հրացան եւ լուցկի բառերը, որոնք հինգերորդ դարուն իսկ գործածուած բառեր են, անշուշտ՝ տարբեր իմաստներով: Ու այսպէս, հարիւրաւոր բառեր յարութիւն են առած նոր ու փայլուն տարազներով: Ատրճանակն ալ աղուոր բառ մը չէ՞ միթէ, թէեւ ինք վտանգաւոր զէնք մըն է. կ՛ըսուի, թէ Բագրատունին (պատմիչը-Ա. Գ.) շինած ըլլայ այս բառը. արմատն է՝ ատր, որ կը նշանակէ կրակ. բառին երկրորդ մասն ալ կը նշանակէ ընդունարան:
«Յառաջ»ի տեւական ընթերցողի խուզարկու աչքէն չի վրիպիր, որ Շաւարշ Միսաքեան, ամէնօրեայ իր սիւնակներուն մէջ, օրուան բազմատեսակ պահանջներէն մղուած, մերթ իբրեւ խմբագիր, երբեմն որպէս լրատու քաղաքական, կամ քննադատ արուեստի, կը ստեղծէր բազմաթիւ նոր բարդ բառեր, յաճախ՝ շատ աղուոր ու յաջող, ցոյց տալով նուրբ ճաշակ եւ հնարամիտ հմտութիւն:
Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայերէն ուսումնասիրող երիտասարդ մը յանձն առնէր, արձակուրդի մը շրջանին, «Յառաջ»ի հին թիւերէն հաւաքել Շաւարշ Միսաքեանի հնարած նորակերտ բառերը, խմբաւորէր ու դասաւորէր զանոնք, ուսումնասիրէր ու հրատարակէր: Թերեւս լուրջ աւարտաճառի մը նիւթ կրնայ ըլլալ ասիկա, եւ՝ ի՜նչ սքանչելի արդիւնքով…
Լսած եմ, որ Շաւարշ Միսաքեան առանձնական ծոցատետրի մը մէջ ալ նշանակած ունէր բազմաթիւ այսպիսի բառեր. վայրկենական փայլակի նման մտքին մէջ շողացող, փայլակի մը պայծառութիւն ունեցող բառեր թերեւս… Հարկաւ խմբագրութեան գաղտնիք են ատոնք հիմա. եւ իբրեւ այդպիսին կը յարգենք: Օր մը, անշուշտ, ատոնք ալ կը հրատարակուին:
Շաւարշ Միսաքեանի մասին կ՛ըսուի, որ լեզուի մաքրութեան սիրով առլցուն, համբերութեամբ կը սրբագրէր իր մեծ ու պզտիկ բոլոր աշխատակիցներուն գրութիւններն ալ՝ ստեղծելով այսպէս միաձոյլ լեզու մը իր ամբողջ թերթին համար, խմբագրականէն մինչեւ ազդերու էջին տակը երկարող:
Շաւարշ Միսաքեանի քերականութիւնն ալ, բառամթերքին նման, անթերի էր ու վճիտ: Ան գիտէր վարպետօրէն արշաւել հայր Արսէն Ղազիկեանի լուսաւոր շաւիղէն. գիտէր՝ որպէս պահակ մշտարթուն, իսկոյն որդեգրել ուղիղը, խարազանել թիւրն ու թերին, հարթել ճանապարհը «մեծասքան»չին:
Հապա՛ իր կուռ նախադասութիւննե՜րը… մանաւանդ՝ վերջին տարիներուն: Շատ անգամ մէկ-մէկ պատգամներ էին անոնք՝ վերլուծուած, քննուած, ծեծուած, համտեսուած: Ատկէ անշուշտ այն բուռն պահանջը՝ նոր տողերու յաճախակի գործածութեան:
Եւ իրաւունք ունէր Շաւարշ Միսաքեան:
Երբ տեսնեմ յօդուած մը՝ ամբողջ սիւնակի մը երկարութեան փռուած, որ չունի իր միապաղութիւնը կտրատող նոր տողեր… չեմ կարդար: Օշական թող չնեղուի:
Իմ համեստ կարծիքով, նոր տողը հրապարակագրի մը համար համակրելի ու գրաւիչ, մանաւանդ դիւրութեամբ հասկնալի դառնալու տոմսն է:
Քիչ բառերով իր գաղափարն յստակօրէն արտայայտելու ձգտումը ֆրանսական յստակատես մտքի հետեւողութիւն չէ, ատիկա հարազատ հայկական ծնունդ է: Որքա՞ն երկար է Վահագնի երգը, հազիւ ինը տող. կամ, Արտաշէսի ողբը, հազիւ երեք բառ: Որքա՞ն երկար են կոմիտասեան երգերը, «Գարուն ա», «Անձրեւ եկաւ», «Սարերի վրով գնաց»:
Շաւարշ Միսաքեան պաշտամունքն ունէր արեւմտահայերէնին, որուն աներկիւղ պաշտպանն էր վտանգի պահուն: Եւ անոր ապագային նկատմամբ ալ, արդար մտահոգութեամբ հանդերձ, իր սրտին մէջ լաւատես զգացումներ կը տածէր, որովհետեւ սա հաստատ համոզումն ունէր, թէ արեւմտահայերէնը հարազատ ծնունդն է, արեւելահայերէնին հետ, մեր փառապանծ «մեծասքան»չին, եւ իբրեւ այդ՝ դափնեկիր անմահութեան:
Այո՛, եթէ արեւելահայերէնը հայրենիքի կնիքն ունի այսօր, արեւմտահայերէնն ալ Սփիւռքի կնունքն ունի. երկուքն ալ մեր հինաւուրց եւ հազարագանձ լեզուի զաւակներն են կորովի՝ անթիւ հերոսներու արիւնով սրբագործուած:
Ու Շաւարշ Միսաքեան իր «Յառաջ»ով քաջարի դրօշակիրն եղաւ մեր պաշտելի «մեծասքան»չին անմահութեան՝ իբրեւ անխոնջ ախոյեան արեւմտահայերէնի:
Վենետիկ, Ս. Ղազար
15 Հոկտեմբեր 1975