ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- 13 հանրապետական ծերակուտականներու կողմէ եւ գաղտնի կերպով կատարուած բանակցութիւններէ ետք, անցեալ շաբաթ հրապարակուած՝ առողջապահական համակարգը փոփոխութեանց ենթարկելու «Թրամփքեր»ի նախագիծին նպատակն է «Օպամաքեր»ը առնուազն մասամբ փոխել:
Նախագիծը արժանացած է ոչ միայն բոլոր դեմոկրատ ծերակուտականներու, այլ նաեւ որոշ հանրապետականներու քննադատութեանց:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունած է զայն՝ նշելով. «Ես լիովին կ՛աջակցիմ Ծերակոյտին ներկայացուած նախագիծին եւ անհամբերութեամբ կը սպասեմ, որ գործադրութեան դրուի»։
Սակայն, 142 էջանոց նախագիծը ցոյցերու թիրախ դարձած է երկրին տարածքին եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուր ոստիկանութիւնը առնուազն 43 ցուցարարներ ձերբակալեց։
Ցուցարարները կը շեշտեն, թէ առողջապահական սպասարկութիւնները կտրուկ կերպով կրճատող առաջարկները խոտոր կը համեմատին ամերիկեան արժէքներուն եւ կը յայտնեն, թէ բժշկական ծառայութիւններէն օգտուիլը մարդկային տարրական իրաւունք մըն է, որմէ պէտք չէ զրկուին յատկապէս ընկերային անապահով պայմաններու մէջ ապրող քաղաքացիները։
Ծերակոյտին ներկայացուած օրինագիծը առիթ կու տայ նահանգներուն չեղեալ յայտարարելու առողջապահական ապահովագրութիւն ունենալու պահանջը, կը դադարեցնէ ապահովագրութիւն ձեռք բերելու պետութեան կողմէ յատկացուող նպաստները եւ կը սպառնայ կրճատումներ կատարել «Մետիքեր»ի ծախսերէն, որ կ՛ապահովէ չքաւորներու եւ հաշմանդամներու բժշկական սպասարկութիւններ։
Ասոնց փոխարէն, հարուստները պիտի կարենան յառաջաիկայ տասնամեակին մօտաւորապէս մէկ եռիլիոն նուազ տուրք վճառել։
Նախագիծին վաւերացումը ապահվելու համար, հանրապետական 52 ծերակուտականներէն առնուազն 50ը պէտք է անոր ի նպաստ քուէարկեն, սակայն ցարդ հանրապետական չորս ծերակուտականներ յայտարարած են, թէ անոր դէմ պիտի քուէարկեն, իսկ վեց ուրիշներ վերապահութիւններ ունին անոր նկատմամբ։
Հանրապետական ծերակուտականները արդէն իսկ բանակցութեանց մէջ են աւելի ընդունելի նախագիծ մը մշակելու համար։