ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Պերկան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է դոկտ. Վահէ Թաշճեանի՝ «Daily Life in the Abyss Genocide Diaries, 1915-1918» («Առօրեայ Կեանքը Անդունդին Մէջ. Ցեղասպանութեան Օրագրութիւններ, 1915-1918») հատորը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն պահուած օրագրութեանց՝ հետաքրքրական նոր էջ մը բանալով Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ։
Ցեղասպանութեան զոհերուն ապրած փորձառութիւնը լուսարձակի տակ առնող այս գործը կեդրոնացած է օրագրութեանց վրայ յատկապէս երկու հայ ընտանիքներու, որոնք ապրած են տեղահանութեան եւ տարագրութեան արհաւիրքը։
Դոկտ. Վահէ Թաշճեան Օսմանեան կայսրութեան հայութեան պատմութիւնը վերակենդանացնելու նպատակով Պերլինի մէջ հիմնուած «Յուշամատեան» ծրագիրին վարիչն է եւ լոյս ընծայած է նաեւ այդ ծրագիրին արգասիքներէն հանդիսացող հատոր մը։
Հատորին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.berghahnbooks.com/title/TachjianDaily կայքէջը։