ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Միացեալ Նահանգներու Ա-րեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը լոյս ընծայեց բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծական «Փախչիլ Չկա՛յ Քեզի, Ո՛վ Թուրք. 24» գործին։
Հատորը կը բացուի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ «Պատգամներ՝ Աստուծոյ Եւ Ազգի Հաւատարիմ Զաւակէն» խորագրեալ խօսքով։ Ողջունելով բանաստեղծին գործը՝ առաջնորդը կը նշէ. «Ցեղասպան թուրքին իբրեւ պահանջատէր ներկայացող բանաստեղծը միայն իր անունով չի խօսիր այս էջերուն, այլ անոր հետ կը խօսինք մենք, կը խօսի մէն մի հայ, վերանորոգելով պահանջատիրական եւ աննահանջ պայքարի ուխտը։ Մայրենիին հանդէպ սիրոյ եւ երկիւղած հոգածութեան արտայայտութիւններն ալ լոկ անձնական զգացումներ չեն, այլ այս բանաստեղծութիւններուն իւրաքանչիւր տողը արձագանգն է Արարատին ու մայրենիին հաւատարիմ հայորդիներուն, անժամանցելի պատգամ՝ նորահաս սերունդներուն», ու կ՛աւելցնէ, որ անոր էջերէն բխող հայրենասիրութիւնն ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայի փորձառութիւնը զինք սիրելի ու յարգանքի արժանի կը դարձնեն բոլորիս։
Հատորէն օրինակներ կարելի է ապահովել Ազգ. առաջնորդարանէն եւ եկեղեցիներէն։