ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուն մտադիր չէ ջնջել այս ամիս նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։
Երեւան նոյնպէս չի բացառեր Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպման կայացումը, հակառակ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով նախարարներուն հերթական հանդիպումը ջնջելու մասին Երեւանի եւ Պաքուի մէջ հնչող յայտարարութիւններուն, որոնք բազմացած են՝ շփման գիծին վրայ տիրող աննախադէպ լարուածութեան պատճառով:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ Պաքուն չի ծրագրեր նախարարներուն հանդիպումը ջնջել: «Մեր դիրքորոշումը յստակ է. մենք կը փափաքինք բովանդակալից բանակցութիւններ կատարել», ըսած է Հաճիեւ՝ ըստ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան:
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան ըսաւ, թէ չի բացառուիր Յուլիսին կայացնել նախարարներուն հանդիպումը, ինչպէս յայտարարուած էր աւելի կանուխ:
Իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ այս հանդիպումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 11ին, Աւստրիոյ մէջ, ինչ որ Նալբանդեանի եւ Մամետեարովի միջեւ առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ Ապրիլէն ի վեր։