ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յուլիս 6ին մեկնաբանեց Ֆիզուլիի շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը։
Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա ցաւակցութիւն յայտնած է միջադէպին իբրեւ հետեւանք զոհուածներու հարազատներուն՝ աւելցնելով. «Անընդունելի կը համարենք յաւելեալ արիւնահեղութիւնը եւ կոչ կ՛ընենք կողմերուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ իրավիճակը կայունացնելու համար»:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիա կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու այն յայտարարութեան, որ կ՛ընդգծէ բռնութեան դադրեցման եւ բանակցութիւններու վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յուլիս 6ին դարձեալ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ հայազգի քաղաքացիներու հանդէպ ցուցաբերուած խտրական վերաբերմունքին, վերահաստատելով Մոսկուայի վճռակամութիւնը՝ իր քաղաքացիներուն խախտուած իրաւունքները վերականգնելու գծով:
Նշենք, որ Մոսկուայի արտայայտած նախորդ մտահոգութեանց Պաքու պատասխանած էր հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Ատրպէյճան հարկադրուած է կարգ մը մարդոց հանդէպ համապատասխան կարգաւորումներ կիրառելու»:
Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Յուլիս 6ին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Ատրպէյճան մուտք գործել փորձող Ռուսիոյ քաղաքացիները իսկապէս կ՛ենթարկուին ազգային պատկանելութեամբ պայմանաւորուած խտրականութեան»:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը տրուին նման վերաբերմունքի օրինակներ, որոնք կը փաստեն, թէ խտրականութեան թիրախ են «հայկական արմատներ ունեցող» Ռուսիոյ քաղաքացիներ:
«Այս բոլորը վայրենութիւն կը յիշեցնեն։ Ուղղակիօրէն կը խախտուին Ռուսիոյ քաղաքացիներուն իրաւունքները, ինչ որ կը հակասէ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ 1997ի Յուլիս 3ին կնքուած բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ ապահովութեան մասին պայմանագիրին», կը շեշտէ նախարարութիւնը, որ նաեւ կը նշէ, թէ այս բոլորը կը կատարուին այն ատեն, երբ Ատրպէյճան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ «ազգային եւ կրօնական հանդուրժողականութեան օրինակ»։
«Պաքուի պատասխանը կը համարենք անհասկանալի եւ ոչ բաւարար, որովհետեւ անիկա ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճան մեկնող Ռուսիոյ քաղաքացիները նախկինին նման ենթակայ են կամայականութիւններու զոհ դառնալու: Կը շարունակենք պահանջել դադրեցնե՛լ այդ զայրացուցիչ ու խտրական գործելակերպը, եւ մենք, բնականաբար, պիտի կատարենք համապատասխան հետեւութիւններ», եզրակացուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: