ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յուլիս 6ին, Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստը վաւերացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ իր տարեկան զեկոյցը, որ կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն, որ կասեցնեն Անգարայի հետ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները՝ եթէ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւնները ի զօրու դառնան։
Զեկոյցին ի նպաստ քուէարկած են 477 պատգամաւորներ, իսկ անոր դէմ՝ 64 երեսփոխաններ։
Միջանկեալ նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 16ին կայացած հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 51.4 տոկոսը կողմ քուէարկած էր նախագահի լիազօրութիւնները ընդարձակող սահմանադրական փոփոխութիւններուն, իսկ անոնց դէմ՝ 48.6 տոկոսը: Նաեւ, միջազգային դէտեր ընտրական օրէնքներու շարք մը խախտումներ արձանագրած էին օրին՝ կասկածի տակ առնելով հանրաքուէին օրինականութիւնը։
Եւրոխորհրդարանին վաւերացուցած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւնները չեն համապատասխաներ եւրոպական չափանիշներուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին քննադատած է զեկոյցը՝ զայն համարելով «սխալներու եւ անհիմն ամբաստանութեանց վրայ հիմնուած» որոշում: