ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 7 Յուլիսին հանդիպեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եկած խումբ մը գործարարներու հետ:
Աթէք Մոհամատ Մեսֆեր Ալտահերիի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները հանդիպման ընթացքին նշեցին, որ նպատակ ունին Հայաստանի մէջ շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու:
«Հայաստանի մէջ մենք կը տեսնենք դրական միջավայր ներդրումներ կատարելու համար: Այստեղ աշխատելով՝ նպատակ ունինք նաեւ աշխատատեղեր ստեղծելու Հայաստանի քաղաքացիներուն համար», ըսաւ Աթէք Մոհամատ Մեսֆեր Ալտահերի:
Արաբ գործարարները յայտնեցին, որ իրենք հարուստ փորձառութիւն ունին ճանապարհաշինութեան, մասնաւորապէս՝ մայրուղիներ եւ երկաթուղիներ եւ կամուրջներ կառուցելու ոլորտներէն ներս: Անոնք ծաւալուն ծրագիրներ իրականացուցած են Չինաստանի, Ռուսիոյ, Իրաքի եւ այլ պետութիւններու մէջ:
Նախարար Վահան Մարտիրոսեան գործարարներուն առաջարկեց մասնակցիլ Երեւանէն Դիլիջան արագընթաց երկաթուղիի եւ «Զուարթնոց» օդակայանը մայրաքաղաքին կապող արագընթաց նոր ճանապարհի կառուցման ծրագիրներուն: