ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Պ եւ Օ» ընկերութիւնը, որուն հիմնադիրներն են գերմանացի Հայներ Օպարթ եւ Լոս Անճելըսէն դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, հականեխիչ նիւթերու եւ սարքաւորումներու արտադրութեան համար ձեռնարկած են Կոտայքի մարզի Պռոշեան համայնքի տարածքին գործարան մը կառուցելու աշխատանքին:
Հինգշաբթի, 13 Յուլիսիսն, կառավարութեան նիստին զեկուցուած է, որ այդ նպատակով ընկերութիւնը ձեռք բերած է շուրջ 6000 քառ. մեթր մակերեսով հողամաս, բայց ծրագիրը ամբողջութեամբ իրագործելու համար ընկերութիւնը կարիքը ունի եւս 18000-20000 քառ.մեթր մակերեսով արտադրական նշանակութեամբ հողամասի:
Ներդրման ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ շուրջ 3 միլիոն տոլար։ Սոյն գործարանին շնորհիւ Պռոշեան եւ Քասախ գիւղերուն համար 3 տարուան ընթացքին պիտի ստեղծուի շուրջ 100-120 աշխատատեղեր:
Կառավարութիւնը որոշած է Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Շիլա Պապայեանցին պատկանող Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղին մէջ գտնուող 1.076, 0.7 եւ 0.19 հեկտար մակերեսներով գիւղատնտեսական նշանակութեան հողամասերը, այնուհետեւ գոյքը վաճառել «Պ եւ Օ» ընկերութեան: