ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսահայ յայտնի գրող, լեզուաբան եւ գործարար Սեւան Նշանեան, թրքական բանտէն փախուստ տալէ ետք հարցազրոյց մը ունեցած է թրքական ամենաշատ ընթերցուող թերթին՝ «Հիւրրիյէթ»ի հետ, եւ բացած է փախուստի դիմելու իր միջոցին մասին որոշ փակագիծեր:
Նշանեան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ որոշ գումարի մը դիմաց փախուստ կազմակերպելը շատ բարդ չէ: «Ինչպէս կը տեսնէք, լաւ գումարի առկայութեան պարագային, բոլորն ալ կրնան փախչիլ», ըսած է ան։
Պոլսահայ մտաւորականը աւելցուցած է. «Թուրքիան մեր երկիրն է, եւ ես օր մը անպայմա՛ն պիտի վերադառնամ», միաժամանակ յստակացնելով, որ առայժմ դուրս չէ եկած երկրէն:
«Սկիզբը սեղմեցի ակռաներս, համբերեցի, սակայն տեսնելով, որ ոչ մէկ ձեւով պիտի հրաժարին իրենց անօրէնութիւններէն՝ կայացուցի այս որոշումը: Ես չէի կրնար արտօնել, որ այս ապուշութիւնը շարունակուի: Որոշ ժամանակ անց, կրնամ դուրս գալ երկրէն», աւելցուցած է Նշանեան:
Նշանեան «Հապերթիւրք»ին նաեւ ըսած էր, որ «եկած է շունչ քաշելու ժամանակը: Մտածեցի, որ 3.5 տարին արդէն իսկ բաւական է: Այս պայմաններուն մէջ որոշեցի օգտուիլ պետութեան թերացումներէն եւ դուրս գալ անոր վերահսկողութենէն: Երբ ժամանակը գայ՝ ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմեմ կատարուածին մասին»:
Յիշեցնենք, որ Նշանեան թրքական դատարանի մը կողմէ դատապարտուած էր 17 տարուան բանտարկութեան՝ ապօրինի շինարարութեան եւ հարկերէ խուսափելու համար առաջադրուած շինծու մեղադրանքներու համար: