ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնի ռոպոթաշինութեամբ զբաղուող խումբ մը պատանիներ Ուաշինկթըն մեկնած են՝ ներկայացնելու համար Հայաստանը FIRST Global ռոպոթաշինութեան միջազգային ողիմպիական խաղերուն:
ԹՈՒՄՕի պատանիները պիտի մրցին 160է աւելի երկիրներու խումբերու հետ: Խումբի անդամներն են՝ Դաւիթ Յովհաննիսեան, Տիգրան Կիրակոսեան, Մարիա Տէր Մինասեան, Արամ Մադանցեան, Լեւոն Բալագէօզեան, Լիլիթ եւ Աշոտ Թարումեաններ եւ անոնց ղեկավար, ԹՈՒՄՕի ռոպոթաշինութեան դասընթացավար Հայկ Ոսկանեան:
Խումբը պիտի ներկայացնէ ռոպոթ, որ, ըստ մրցոյթի պայմաններուն, հաւաքուած է կազմակերպիչներու կողմէ տրամադրուած մասերէ: Պատանիները իրենք նախագծած եւ ծրագրաւորած են մեքենայ մը, որ կը նպատակադրէ իրականացնել ջուրի աղտոտութիւնը մաքրելու գաղափարը:
Ըստ Երկուշաբթի կայացած առաջին փուլի արդիւնքներուն՝ թումոյականները կը գրաւեն առաջատար դիրք: