ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 2017ի առաջին եռամսեակի տուեալներուն համաձայն՝ Արցախի զբօսաշրջութեան բնագաւառը աճ արձանագրած է բոլոր ուղղութիւններով:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2017ի Յունուար–Յունիս ամիսներուն Արցախի մէջ արձանագրուած է 26 տոկոսի օտարեկրկեայ զբօսաշրջիկներու թիւի աճ:
Տիգրանակերտի պետական արգելոց այցելած է աւելի քան 5000 զբօսաշրջիկ:
Հաշուարկային գնահատականներով՝ զբօսաշրջութենէն ստացուած եկամուտները կազմած են 1.7 միլիառ դրամ: