ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Հայաստանի եւ Արցախի զինուած ուժերու փոխգործակցութեան ծիրին մէջ, Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աշխատանքային այցով հասաւ Արցախ:
Նախարար Սարգսեան Արցախի պաշտպանութեան նախարարին եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ այցելեց արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի հիւսիս-արեւելեան հատուածի մարտական յենակէտեր, ծանօթացաւ սահմանային իրավիճակին, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներու կենցաղային պայմաններուն եւ զրուցեց դիրքապահներու հետ:
Նոյն օրը Վիգէն Սարգսեան այցելեց Ստեփանակերտի հիւանդանոց, ուր հետաքրքրուեցաւ բուժուող զինուորներու առողջական վիճակով, զրուցեց անոնց հետ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց անոնց: