ԵՈՒՆԻՎԸՐՍԸԼ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄի տարեկան ձեռնարկ-տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Եունիվըրսըլ Սթուտիոզ»ի «Կլոպ» թատերասրահին մէջ։
Այս տարուան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետութիւնը ստանձնած է Պենեթ Թրփանճեան, որ տասնամեակներէ ի վեր, իր ընտանիքին կողքին, սերտ կապեր ունի ՀԲԸՄի հետ։ Արդարեւ, ան իբրեւ վոլիպոլի մարզիկ՝ անդամակցած է ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղին ու հոն ծանօթացած իր ամուսնոյն՝ Փօլին, որ զաւակն է բարերար Ճերի Թրփանճեանին։
Պենեթ Թրփանճեան, աւեի քան 20 տարիներու փորձառութիւն ունի շուկայական եւ վաճառքի մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ ամերիկեան գրականութեան դասախօս եղած է։ Ան իր ամուսնոյն՝ Փօլ Թրփանճեանի հետ գործակցելով՝ եղած է գործադիր արտադրողը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Անապատի Ագռաւներ» վաւերագրական շարժապատկերին։
Նշենք, որ ՀԲԸՄի 110ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին տեղի ունեցած էր նշեալ ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Մարթա Հուսքէի բեմադրած սոյն ֆիլմը հիմնուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Լեւոն Եօթնեղբարեանի յուշերուն վրայ եւ կը պատմէ այլ վերապրողներ փրկելու անոր առկածախնդրութիւններուն մասին: Ֆիլմը նաեւ ընտրուած էր ցուցադրուելու անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ կայացած «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին։
Կազմակերպիչ յանձնախումբը արդէն իսկ աշխատանքի սկսած է՝ յիշատակելի ձեռնարկ մը իրականացնելու համար։
Տօնակատարութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար, կը խնդրուի դիմել (626) 794-7942 թիւին, կամ՝ gala@agbuca.org հասցէին։