ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Ի՞նչ է երջանկութիւնը եւ որքանո՞վ գրականութեան մէջ գերիշխող նիւթ դարձած է այս մարդկային զգացումը:
Երջանկութիւնը մարդկային յարաբերական զգացում մըն է, որ կախուած է այլ ազդակներու գոյութենէն: Այսինքն, առանց պատճառի մարդ երջանիկ չի կրնար զգալ: Պէտք է կողմնակի ազդակներ այդ յոյզը արթնցնեն մարդուս հոգիէն ներս: Եւ քանի որ գրականութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կեանքի արտացոլանքը, ուրեմն անիկա սերտօրէն կապուած է այդ գրողի ապրած ժամանակաշրջանին, տարածաշրջանին ու տեղի ունեցած ու չունեցած դէպքերուն հետ:
Ինչպէ՜ս երջանիկ պիտի զգար ու երջանկութեան մասին պիտի գրէր Ցեղասպանութենէն վերապրած գրողը, երբ ողջ հայութիւնը ինկած էր կեանքի եւ մահուան յորձանուտին մէջ, կ՛ապրէր ջարդի արհաւիրքը ու ապրիլը հրաշք էր իրեն համար:
Ջարդէն ճողոպրած տղաքը իրենց հոգիին անդորրը կը գտնէին իրենց վիշտերը արտայայտելով, հոն ի՜նչ երջանկութեան մասին է խօսքը, հակառակը՝ հոն առկայ է երջանկութեան բացակայութիւնը, եւ բնականաբար կեանքի ծանր ապրելակերպը պատճառ պիտի հանդիսանար, որ 1920ական թուականներուն ի յայտ գար վատուժ գրականութիւն մը, որ երբեք բանաստեղծութիւններ չէին կրնար համարուիլ, այլ միայն պոռթկում մը՝ ի դէմ ամէնօրեայ իրենց ծանր առօրեային: Այս առումով ալ գրականութեան նիւթ դարձան ողբը, սուգը, աքսորը, տեղահանութիւնը, որբանոցները, մարդոց տառապաքն ու դժբախտութիւնը:
Եթէ սուգը, որբութիւնը բնորոշ յատկանիշներ եղան յետ-եղեռնեան առաջին սերունդի գրողներուն քով, երկրորդ տասնամեակի գրողներուն մօտ արդէն որոշ փոփոխութիւններ զգալի դարձան: Օտարութեան մէջ իրենց եսը փնտռելու ու ինքնութեան այդ որոնումին տառապանքը կրելու լաւ նմոյշներ են յետ-եղեռնեան շրջանի ֆրանսահայ երիտասարդ գրողներու գործերը, որոնք հաղորդ ըլլալով միջազգային գրական հոսանքներուն, իրենց հետքը թողուցին նաեւ իրենց գրական գործերուն մէջ. թեքում մը սիրտէն միտք, դուրս գալ Եղեռնէն, Եղեռնը ընկալել միտքի մակարդակի վրայ, եւ անոր թելադրանքէն միտք հանել, ու ճիգ մը կատարել՝ կերտելու նոր աշխարհահայեացք, նոր փիլիսոփայութիւն, մէկ խօսքով՝ նոր կեանքի մը դիմաց նոր կենսահայեացք ստեղծելու պահանջք բանաձեւել:
Վազգէն Շուշանեան եւս այս հարցերը արծարծած է իր արձակ թէ բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գոյութենապաշտ գրողը լաւ կը հասկնայ կեանքի փիլիսոփայութիւնը եւ կը հաւատայ անոր անհեթեթութեան եւ մարդուս ստեղծած պատրանքին, երազին ու ցնորքներուն: «Զի իրական ճամբան վերջ չունի եւ ո՛չ հանգրուան կայ, ո՛չ ապաւէն ու ո՛չ օթեւան»:
Մարդ միայնակ չի կրնար ապրիլ, որովհետեւ ընկերային էակ է ան: Ահա ինչպիսի նոյնատիպ արտայայտութեամբ հանդէս կու գայ Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսէնի Անտառ»ի հերոսը, որ ամէնէն յուսահատ պահուն մէջ անգամ յոյսի նշոյլ կը գտնէ։ «Իրական յանդուգնը եւ նոյնիսկ իրական աշխարհակալը այն է, որ ինքզինքին դէմ կ՛ելլէ, առանձնութեան մէջ… Յիմար կեանքիդ իմաստ մը տալու յամառութիւնը…»: Ան երջանկութիւնը կեանքին իմաստ մը տալու որոնումին մէջ կը տեսնէ, մարդուս ապրած կեանքին զերոյութեան վրայ կանգ կ՛առնէ ու խորունկ փիլիսոփայութեամբ մը կեանքի ճշմարիտ պատկերը ցոյց կու տայ, ուր կեանքի առօրեայ հեւքին մէջ միշտ ալ բացակայ է ինքը՝ անհատը: «Այսպէս եղած է մարդկութիւնը նախամարդկային շրջաններէն ի վեր: Կը քալէր, կը խօսէր, կ՛ուտէր, կը շնանար, կը խնդար, կու լար, կը զոհուէր երթալով միշտ պատրանքի մը ետեւէն, սպասելով միշտ գալիքի մը, որ չի գար»: Մերժում կայ յանձնուելուն ու ճակատագրին գերին դառնալուն: Սարաֆեանի հերոսը նոյնպէս «մինակ է, հալածուած կեանքէն՝ որ կը հեգնէ, կը վերածէ զի(նք) ոչինչի: Բայց մեծ է դեռ ընդդիմութիւն(ը)»:
Տառապանքին դէմ դնելու չընկրկելու գաղափարը շատ մը բանաստեղծներ արտայայտած են. ի վերջոյ ի՞նչ է բանաստեղծին կոչումը, եթէ ոչ իրողութիւնը ներկայացնելէ անդին դաստիարակել կամ յոյս ներշնչել, առաւելագոյն պարագային կեանքը բացատրել: Ահա ֆրանսահայ յայտնի գրող Վազգէն Շուշանեան եւս, ինկած որոնումներու մէջ՝ կոչ կ՛ընէ տառապանքին դիմաց չընկճուելու, այլ ըլլալու անբեկանելի ու բիրտ: Նոյնանման արտայայտութեամբ մը Շուշանեան կը շեշտէ այն միտքը, թէ՝
«Գեղեցիկ է տառապանքը ու իր գեղեցկութիւնը
Մեր օրերու թանձր խաւարի մէջ սեւ ջահի պէս կը բոցավառի»:
Դժբախտութիւնը կեանքին տեսնելով չյուսահատելու գեղեցիկ կոչ մըն է նաեւ Բենիամին Նուրիկեանի «Պանդուխտի Մը Օրագիրը» կտորէն քաղուած հետեւեալ հատուածը, ստորագրուած՝ 6 Յուլիս, 1940ին, որ ցոյց կու տայ թէ փոքրիկ լոյսի նշոյլ մը կը բաւէ, որ ամբողջ խաւարը ցրուի: Եւ այդ յոյսի նշոյլն է, որ կեանքը կը լուսաւորէ կ՛երջանկացնէ: Ահաւասիկ.
«Երբ կը տեսնես տգեղութիւնը կեանքի սա կամ նա կողմին՝ զայրացիր, ըմբոստացիր, բայց բոլորովին յոռետես մի ըլլար: Բաղդատէ զայն կեանքի գեղեցկութեան, ապրելու եւ ստեղծագործելու հրաշագործ ուժին հետ եւ պիտի գտնես հաւասարակշռութիւնը կեանքի հակադիր տարրերուն: Եւ մի մոռնար, որ գեղեցկութեան մէկ հատիկ փշուրը դէզ մը տգեղութենէն աւելի կը կշռէ միշտ, եւ լոյսի տաքուկ շող մը խաւարի ամբողջ անհունութիւն մը կրնայ պատռել…»:
Արդի գրականութեան մէջ շարունակուեցաւ այդ գիծը, ինքնութեան որոնումը, կեանքին իմաստ տալու հարցը: Պոլսահայ գրող Զահրատ նոյնպէս կը յորդորէ.
«Փոքր բաներով
Երջանկութեան մեծ տաղեր իմանալ
Մութ ճամբաներով
Լապտեր մը տեսնել ու երջանկանալ»։
Այնուամենայնիւ, լքուած մարդը, տառապող մարդը ճիգ կ՛ընէ մոռցնել տալու անհեթեթութեան ողբերգութիւնը: «Վենսէնը» իր անտառութենէն դուրս հանել ու անոր տալ կախարդական գոյավայրի՝ «խաղաղ նաւահանգիստի մը» կարգավիճակ. «Յիմար կեանքիդ իմաստ մը տալու յամառութիւն մը: Օրերու խռովքէն ետք ցասում մը այդ խռովքին դէմ: Անտառին մէջ ընկրկումս կը վերածուի կամքի մը: Վրէժի մը խմորումը: Անկարելի է լքել ժայռը, որ կը գլորի լեռն ի վար: Անկարելի է նահանջել»: Ահա թէ ինչո՛ւ Զահրատ բանաստեղծն ալ «նոր տողն է, որմէ վերջ ամէն կեանք երջանկութեան կը նայի»:
Զահրատի խաղի ձեւով կը բացատրէ թէ երջանկութիւնը յարաբերական զգացում մըն է եւ՝
«Անոնք որոնք կը կարծեն
որ երջանկութիւնը հորիզոնէն անդին է
կը սխալին,
որովհետեւ երջանկութիւնը իրենց ափին մէջն է լոկ:
Իսկ անոնք որոնք կը կարծեն,
թէ երջանկութիւնը իրենց ափին մէջն է
կը սխալին,
որովհետեւ երջանկութիւնը հորիզոնէն անդին է
Իսկ անոնք որոնք կարծիք չունին
երբեք չեն սխալիր»:
Եւ սակայն շղթայ մըն է կեանքը, խաղ մը դժբախտութեան եւ խանդավառութեան միջեւ տատանուող, հակասութիւններով լեցուն: Մերթ յուսադրիչ, մերթ տառապեցնող: Մերթ տխուր, մերթ երջանիկ պահերով լեցուն: Իսկ մարդը յաւերժ փնտռողն է, յուսացողը, ձգտողը, սպասողը գալիքի մը:
Ուրեմն, որքան աւելի շուտ ճանչնաս կեանքը իր ոլորուն շղթայով, այնքան աւելի հաշտ պիտի քալես այս ուղիին վրայէն, հաշտ ապրելով հանգիստ պիտի զգաս եւ հանգիստ զգալով պիտի կարենաս որսալ այն պահերը, որոնք քեզ երջանկութեան պիտի տանին:
Abris Soseh.
Anoonit vayel hotvadz meh