Կիրակի, 16 Յուլիսին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղին՝ Իկըլ Ռաքի մէջ, բառացիօրէն կեանքով կ՛եռար: Հոն էին մօտաւորապէս 200 մարզիկներ, մարզիչներ ու վարչական պատասխանատուներ, ստանձնելու համար իրենց մարզական ուսապարկերը՝ իւրաքանչիւրին համար ճշդուած մարզաշապիկներով, որոնք պատրաստուած էին համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն համար: Այս բոլորը՝ «Անտոնեան» սրահին մէջ, որ նեղ կը թուէր ըլլալ ՀՄԸՄի մարզիկներուն համար:
Կատարեա՛լ քաոս… համով ու հոտով:
Քանի մը օրէն, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը, որոնց Արեւմտեան Ամերիկայէն պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 200 մարզիկներ՝ 14 խումբերով: Իւրաքանչիւր մարզիկի համար, յատուկ այս առիթով, պատրաստուած էին մարզաշապիկներ՝ համապատասխան նշանակներով եւ իւրաքանչիւր մարզիկի չափով, տղոց ու աղջիկներու: Շրջ. վարչութիւնը կեդրոնատեղի կանչած էր բոլոր մարզիկները՝ ստանձնելու իրենց մարզական ուսապարկերը:
Գրասենեակի մը մէջ խումբ մը պատասխանատուներ կարգադրութիւններ կ՛ընեն, անուանացանկեր կը բաղդատեն, իսկ կողքի ժողովասենեակը, կարծէք վերածուած է… մարզաշապիկներու «պահեստանոց»ի: «Անտոնեան» սրահին մէջ, յանձնախումբի անդամները իւրաքանչիւր մարզիկի կը յանձնեն համապատասխան ուսապարկը:
Հաճելի իրարանցում կար ամէն կողմ… կազմակերպուածութեան բոլոր նշաններով: Դիւրին չէր 200 մարզիկներու համար՝ իւրաքանչիւրին ի՛ր չափով, իրե՛ն համապատասխան տարբերանշաններով ծրարներ պատրաստելը, եւ անուանացանկերու հիման վրայ՝ զանոնք իրենց տէրերուն յանձնելը:
Մարզիկներուն մէկ մասը ճամբայ ելաւ Երեքշաբթի, իսկ միւս մասը՝ Չորեքշաբթի:
Այս ընդհանուր իրարանցումին մէջ առիթ ստեղծուեցաւ քիչ մը զրուցելու երկու երիտասարդ մարզիկներու հետ՝ Գուրգէն Աճէմեանի եւ Ալբրիկ Թահմասեանի:
Մեր հարցումին, թէ ինչո՞ւ կ՛ուզեն անպայման մասնակցիլ ՀՄԸՄի այս համաշխարհային մարզախաղերուն, արդեօք զուտ մարզական մրցակցութի՞ւնն է, թէ կան նաեւ ուրիշ պատճառներ՝ Ամերիկա ծնած ու մեծցած Գուրգէնը պատասխանեց. «Սա մեր հայրենիքն է, Հայաստա՛նն է, ուր բացի մարզախաղերից՝ կայ աշխարհի տարբեր մասնաճիւղերի հետ խաղալու, նրանց հետ շփուելու առիթ: Հայաստանում աւելի սրտով ենք խաղում, սա մեր հո՛ղն է. սա մեծ ուրախութիւն է»:
Իսկ Ալբրիկը աւելցուց. «Մենակ խաղալու համար չէ, որ գնում ենք, այլ՝ Հայաստանո՛ւմ խաղալու համար: Եթէ մի ուրիշ երկիր լինէր, մի գուցէ մի անգամ գնայի, բայց որ մեր հողի վրայ ենք խաղում՝ ուրի՛շ հաւեսով ենք գնում… Ու մի՛շտ կ՛ուզենանք գնալ»:
Իսկ իրենք պիտի ուզէի՞ն, որ այս մարզախաղերը միշտ Հայաստանի մէջ կազմակերպուին, թէ՝ ամէն անգամ տարբեր երկրի մը մէջ… Պատասխանները շատ յստակ էին ու վճռական։ «Հայաստանը ամենաճի՛շդ տեղն է, եթէ արձակուրդ եմ վերցնում խաղերի համար, նախընտրում եմ գնալ Հայաստան ու էնտեղ խաղալ: Իմ հարազատներն էլ են գալիս իմ հետ: Էնտեղ՝ ոնց որ մեր տանը լինենք», ըսաւ Գուրգէնը, իսկ Ալբրիկը աւելցուց. «Մենք միշտ ուզում ենք, որ այս խաղերը Հայաստանում լինեն եւ ոչ մի ուրիշ երկիր. ի վերջոյ՝ սա մեր երկիրն է: Մի գուցէ կարելի է մի անգամուայ համար մի ուրիշ երկրում լինի, բայց Հայաստանն է այս խաղերի բնական կենտրոնը: Յետոյ, որ գնում ենք, փո՛ղ ենք ծախսում, ուզում ենք Հայաստանում ծախսենք»:
Մարզական մրցակցութենէն անկախ, ուրիշ ի՞նչ կ՛ակնկալեն, ի՞նչ կը սպասեն այս համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերէն:
Գուրգէնին կարծիքը այն էր, որ «ես շատ եմ սիրում Հայաստանը: Անկախ դրանից, որ ես ֆութպոլ եմ խաղում, սա ֆութպոլից շա՛տ աւելին է: Կայ մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը: Վերջը, ծանօթանում ենք ուրիշ շատ երկրներից եկած ՀՄԸՄական մարզիկների, նրանց համն ու հոտն էլ է ուրիշ»:
Ալբրիկ կը շարունակէ իր ընկերոջ միտքը՝ ըսելով. «Տարբեր տեղերից գալիս են նոյն միութեան անդամ մարզիկներ, երբեմն էլ տարբեր լեզուներով ու սովորութիւններով, բայց բոլորն էլ՝ նո՛յն ՀՄԸՄի նշանը կրող շապիկներով, ոնց որ մի մեծ ընտանիք լինենք»:
Արդէն հասանք լեզուական խնդիրին: Սփիւռքի զանազան վայրերու մէջ, յատկապէս երիտասարդութիւնը յաճախ ենթակայ է տեղական լեզուի ու մտածելակերպի ազդեցութեան: Կրնայ ըլլալ, որ օրինակի համար, Հարաւային Ամերիկայէն գացած մարզիկներ հայերէնին լաւ չտիրապետեն, նոյնպէս՝ Ամերիկայէն գացող պատանի կամ երիտասարդ մարզիկներէն ոմանք եւս: Կրնան մինչեւ իսկ ծափահարելու եւ մարզական քաջալերանքի կանչերը տարբեր ըլլալ: Այս լեզուական այլազանութեան մէջ, այլ երկիրներէ եկած ՀՄԸՄական մարզիկներու հետ շփուելու, յարաբերելու ատեն, արդեօք դժուարութիւն կը տեսնե՞ն իրենք։ Գուրգէնը կը պատասխանէ. «Ի հարկէ կան այս բոլորը, բայց մենք ճիգ ենք թափելու, որ յաղթահարենք լեզուական պատնէշը: Երբեմն միայն մի բառով կարելի է շատ բան ասել»։ Իսկ Ալբրիկի պատասխանը աւելի կտրուկ էր. «Բացարձակապէս ո՛չ մի դժուարութիւն ենք ունենալու, ընդհակառակը, սա նաեւ մեզ բոլորիս համար լաւ փորձառութիւն է»:
Մինչ այս տողերը լոյս կը տեսնեն, Երեւանի փողոցները արդէն իսկ ողողուած են Լիբանանէն, Սուրիայէն, Քուէյթէն, Ֆրանսայի զանազան քաղաքներէ, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերէն, Գանատայէն, Ուրուկուէյէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, հեռաւոր Աւստրալիայէն ու շատ ուրիշ երկիրներէ ժամանած ՀՄԸՄական մարզիկներով: Մարզադաշտերուն վրայ թէ դադարի օրերուն, Երեւանի ճաշարաններէն, սրճարաններէն, Հայաստանի զանազան տեսարժան վայրերէն, ամէ՛ն կողմէ պիտի լսուի ՀՄԸՄի զինանշանը կրող շապիկներով նո՛յն այս մարզիկներուն՝ երբեմն մաքուր, երբեմն ալ օտարախառն հայերէնը, որ սակայն կ՛արտասանուի նո՛յն ՀՄԸՄականի սիրտերէն ու հոգիներէն:
Զիրենք բոլորը միացնողը՝ ՀՄԸՄն է: