Տէր Եւ Տիկին Օսկօ Եւ Երան Կիրակոսեան Կը Ստանձնեն Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան
54րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկին Հիւրընկալութիւնը
Շաբաթ, Յուլիս 14ին, ամառնային գեղեցիկ երեկոյ մը, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը անգամ մը եւս հաւաքուած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու եկեղեցւոյ պայծառացման ի նպաստ՝ հովիւին, հոգաբարձութեան ու տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած «Ընտանեկան երեկոյ» ձեռնարկին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:
Երեկոյին ներկայ էին շրջանի պատկան մարմիններու՝ ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Ա. Շիրակեան» կոմիտէներու անդամներ, ուղեկից միութիւններու՝ ՀՕՄի «Անահիտ» եւ «Լորի» մասնաճիւղերու, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» եւ «Լեւոն Շան»չ մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ Ազգային Ֆերահեան վարժարանի ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներ եւ ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններ:
Նման ձեռնարկներ արդէն իսկ յաճախակի դարձած են մեր ազգային կեանքէն ներս, եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան հաւատացող շրջանակին յաճախակի քաջալերանքը, կարծէք հոգեկան գոհունակութիւն սկսած է պատճառելու բոլորիս: Մեր ազգային թէ եկեղեցական կառոյցները ժողովո՛ւրդն է, որ կը պահէ, եւ այդ երեկոյ, ձեռնարկին ներկայ գտնուողները ժողովուրդին հարզատ ներկայացուցիչներն էին։
Տիկնանցի անդամները ժպտուն դէմքով հիւրընկալեցին ներկաները, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ իրենց տեղերը գրաւեցին:
Ձեռնարկը սկսաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի սեղանի օրհնութեամբ. ան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, միաժամանակ գնահատեց հոգաբարձու՝ տէր եւ տիկ. Խաչիկ եւ Տալիտա Հայրապետեանները, որոնք օրինակելի կեցուածքով եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութեան՝ երկրորդ տարին ըլլալով ստանձնած էին ձեռնակին հիւրընկալութիւնը:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծխական շրջանիս ազգային երեսփոխաններէն՝ տէր եւ տիկ. Յովսէփ եւ Ռիթա Պչաքճեաններուն, որոնք դարձեալ երկրորդ տարին ըլլալով, սիրայօժար կերպով կը հովանաւորէին վիճակահանութեան 1oz. ձոյլ ոսկի նուէրը:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ կեանքի մեծագոյն նուէրը մեր հոգեկան խաղաղութիւնն է եւ ազգային ու եկեղեցական արժէքները բարձր պահելը: «Այս բոլորը գեղեցիկ համերաշխութեամբ կը նոյնանան «Վերանորոգման Տարուան» առիթով», նշեց ան՝ մէջբերելով Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքը. «Կեանքը իր բոլոր տարրերով ու տարածքներով կարիքը ունի մնայուն նորոգման, այլապէս՝ պիտի կորսնցնէ իր ներքին կենսունակութիւնը, իմաստն ու նպատակը: Վերանորոգումը երաշխիք է զարգացման, հզօրացման ու յաւերժացման»:
Հոգաբարձութեան անունով՝ ատենապետ Լեւոն Արապեան խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, միաժամանակ շեշտելով. «Հոգաբարձութեան համար մեծ ուրախութիւն է եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած տեսնել մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ինքնին մղիչ ուժն է ծրագիրներու իրականացման. ի վերջոյ, հաւաքական ճիգերով է որ մեր ծրագիրները կը պսակուին յաջողութեամբ»:
Խօսքի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւրընկալը, եւ հովիւին ու հոգաբարձութեան անունով յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ անոր, առ ի գնահատանք իր օրինակելի կեցուածքին:
Աւանդութիւն դարձած 1oz. ձոյլ ոսկիի վիճակահանութենէն ետք, հովիւն ու հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին տօնելու Յուլիս ամսուան ծնունդներու տարեդարձը՝ կարկանդակով մը, իսկ օրուան մեծագոյն անակնկալը պատահեցաւ, երբ ազգային բարերար Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեանները տեղւոյն վրայ ստանձնեցին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 54րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին հիւրընկալութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ՝ Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017ին:
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, ամառնային այդ զով երեկոյին, ներկաները վայելեցին հրամցուած համադամ ճաշերը, իսկ նուագախումբին հին օրեր յիշեցնող երգերու փունջը զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծեց բոլորին մօտ, որոնք անգամ մը եւս իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով վառ պահեցին «Լուսաւորչի Կանթեղ»ը:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)
Այս Էջերը Կը Հովանաւորեն
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԽԱՉԻԿ ԵՒ ՄԱՐԻԱՄ ԵՐԷՑԵԱՆ