Շաբաթ, 22 Յուլիսի երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կատարուած շքեղ տողանցքով եւ պաշտօնական հանդիսութեամբ, բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի յոբելենական տարուան տօնակատարութիւններուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018ի աւարտը:
Տողանցքն ու հանդիսութիւնը կատարուեցան համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն առիթով, որոնք 19 շրջաններէ եւ Թեհրանի «Արարատ» ու «Նայիրի» միութիւններէն Հայաստան համախմբած են 1250 մարզիկ-մարզկուհիներ, իրաւարարներ, մարզական պատասխանատուներ, ծնողներ ու բարեկամներ: Մարզախաղերը երեք օրէ ի վեր արդէն ընթացք առած են Երեւանի զանազան դաշտերուն վրայ (արդիւնքները տեսնել առանձին բաժինով):
ՏՈՂԱՆՑՔԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
10րդ մարզախաղերու տողանցքի եւ բացման հանդիսութեան նախօրեակին, Շաբաթ, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, մասնակիցները հաւաքուեցան Երեւանի պետական օփերայի Արամ Խաչատուրեանի անուան սրահին մէջ, ուր ծանօթացան մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինի անդամներուն, մարզախաղերու օրէնքներուն եւ ՀՄԸՄական տիպար մարզիկի բարոյական յատկանիշներուն: Անոնք դիտեցին նաեւ ՀՄԸՄը եւ անոր մարզական շարժումը ծանօթացնող տեսանիւթ մը: Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան:
Ապա, մարզախաղերուն մասնակից 21 շրջանները ներկայացնող մարզիկ-մարզիկուհիներ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, որուն անմար կրակէն վառեցին մարզախաղերուն ջահը եւ փոխն ի փոխ վազելով, զայն Ծիծեռնակաբերդէն փոխադրեցին մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ջահակիր մարզիկ-մարզիկուհիներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան:
ՏՈՂԱՆՑՔԸ
ՀՄԸՄի «մարզական բանակ»ին սպասուած տողանցքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:15ին՝ Ազատութեան հրապարակէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Տողանցքը առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբը, Հայաստանի, ՀՄԸՄի, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ 100ամեակի դրօշակակիրները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտական պատուոյ խումբի անդամները:
Տողանցողները պատուիրակութիւններու այբուբենական կարգով եւ լման կազմով Հանրապետութեան հրապարակ հասան եւ իրենց վերապահուած տեղերը գրաւեցին հրապարակը լեցուցած բազմահազար ժողովուրդի քաջալերական ծափերով:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Տողանցքի աւարտին՝ երեկոյեան ժամը 8ին, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներով ընթացք առաւ 10րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն հետ ազդանշանը տրուեցաւ միութեան 100ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններուն:
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու ներկայացուցիչները՝ Վարդան եպս. Նաւասարդեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանութեան փոխնախարարները, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, Հայաստանի մօտ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի դեսպանները, քորէական ազգային սկաուտութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, մարզախաղերու նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, ՀՄԸՄի շրջանային եւ մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներ եւ հայրենի հիւրեր:
Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վարդան եպս. Նաւասարդեան, որ կարդաց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյնի գիրը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը:
Ապա, մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանի՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ողջոյնի խօսքը ուղղեց շրջանի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով կատարուող 10րդ մարզախաղերը կը վկայեն, որ միութիւնը մէկ դարէ ի վեր չէ դաւաճանած իր առաքելութեան եւ սկզբունքներուն՝ ըլլալով ամուր, յաջողած եւ ազնիւ գաղափարի ծառայող կառոյց: Կառոյց, որ միասնական մէկ բռունցք է: Կառոյց, որ կը համախմբէ հայ երիտասարդութիւնը՝ անկախ անոր ապրած վայրէն: Կառոյց, որ բոլորը կը համախմբէ հայրենիքի գաղափարին շուրջ:
Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինին անունով խօսք առաւ մարմինի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ ըսաւ, թէ նման մարզախաղերու կազմակերպման նպատակը մարզախաղերը չեն միայն, այլեւ՝ հայրենի հողին վրայ մեր երիտասարդութիւնը քով-քովի բերելը եւ միասնաբար հայրենիքը վայելելը մարզական եւ ՀՄԸՄական առողջ մթնոլորտի մէջ:
Ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու նախագահ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Տէր Պետրոսեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը միշտ երիտասարդ այն միութիւնն է, որ իր անդամներուն կը ջամբէ ազգային դաստիարակութիւն, հայրենասիրութիւն եւ մէկ ազգի պատկանելիութեան գիտակցութիւն: ՀՄԸՄը չծերացող միութիւն է, որովհետեւ անոր շարքերը տեւաբար կը նորոգուին երիտասարդական խանդով եւ աւիւնով: «Երիտասարդութիւնն է մեր ներկան եւ ապագան: Ան է, որ այս միութիւնը պիտի առաջնորդէ իր երկրորդ 100ամեակին», ընդգծեց Տէր Պետրոսեան:
Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Ան ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ողջունեց համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն մասնակիցները եւ ըսաւ, որ այս մարզախաղերը լաւ առիթ են արժեւորելու մեր ամէնէն տարածուն եւ ամէնէն փորձառու երիտասարդական կառոյցին դերն ու առաքելութիւնը մեր կեանքին մէջ:
Ռուստամեան նշեց, որ ինչպէս 100 տարի առաջ, նաեւ այսօր կարեւոր առաքելութիւն ունի ՀՄԸՄը համաշխարհայնացած մեր ընկերութեան մէջ, ուր երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ գայթակղեցուցիչ օտար հոսանքներու եւ գաղափարներու զոհը դառնալու մնայուն վտանգը: ՀՄԸՄը կը հանդիսանայ այն փրկարար ուժը, որ բոլորը կառչած կը պահէ իրենց արմատներուն, աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, ազգային ու պետական մեր նպատակներուն:
Ռուստամեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄը այսօր պէտք է օրինակ դառնայ երիտասարդական մեր բոլոր կառոյցներուն: ՀՄԸՄական մարզիկն ու մարզիկուհին պէտք է շարունակողները ըլլան այն ժառանգութեան, որ իրենց փոխանցուած է միութեան հիմնադիրներուն եւ անոնց գործը շարունակած նուիրեալ սերունդներուն կողմէ: «Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, անհրաժեշտ է միութենական յանձնառութիւն ունենալ, որովհետեւ մենք ազգովին լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք», ըսաւ ան: Ռուստամեան նշեց նաեւ, որ այսօր որքան որ մեզի անհրաժեշտ է ֆիզիքապէս ամուր երիտասարդութիւն, նոյնքան եւ աւելի անհրաժեշտ է ոգեղէն ամրութեամբ հզօր երիտասարդութիւն:
Իր խօսքը ներկայ ՀՄԸՄականներուն ուղղելով՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Ձեր կարգախօսին համաձայն՝ դուք միշտ պիտի ձգտիք, որ հայ մարդը բարձրանայ եւ իրեն հետ բարձրացնէ նաեւ իր ազգակիցը, որպէսզի բոլորս միասին բարձրացնենք պատիւն ու յարգանքը մեր երկրին նկատմամբ՝ բարձր պահելու համար մեր յաղթական դրօշը, հասնելու համար մեր երազած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կը թեւածէ հպարտութիւն, խանդավառութիւն, ոգեւորութիւն եւ սէր: «Դուք հպարտութեամբ այստեղ կանգնած՝ կը խորհրդանշէք մեր ազգին միասնութիւնն ու միակամութիւնը 2800 տարեկան դարձող մեր մայրաքաղաքի սրտին մէջ: Երեւանը մեր հոգեւոր մայրաքաղաքն է, որ այսօր մագնիսի նման իրեն կը քաշէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը», աւելցուց ան:
Յակոբեան խորհրդանշական գտաւ մարզախաղերու ջահին Ծիծեռնակաբերդէն բոցավառումը եւ ըսաւ, որ մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրէն բերուած ջահով այս պահուն կը բոցավառին մեր հոգիներն ու սրտերը, որպէսզի մենք գործենք յանուն Հայաստանի, յանուն հայութեան եւ յանուն հայ մարդուն:
Այնուհետեւ, պաշտօնական հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերն են, որոնք այսօր ընթացք կ՛առնեն անկախ Հայաստանի դրօշին առաջնորդութեամբ, հայրենի պետութեան լայն աջակցութեամբ եւ սփիւռքի նախարարութեան անվերապահ օժանդակութեամբ: Մարզախաղերը կը նախագահեն Սիտնիէն բազմավաստակ ՀՄԸՄական տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ, որոնք իշխանական նուիրատուութեամբ մը կարելի կը դարձնեն այս մարզախաղերուն կազմակերպումը Հայաստանի մէջ:
Մկրտիչեան հաստատեց, որ այս մարզախաղերուն, 10 օրեր շարունակ, ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիներ պիտի մրցին 9 մարզաձեւերու մէջ, պիտի յաղթեն ու պարտուին, սակայն բոլորը պիտի շահին հայրենի հողին վրայ ըլլալու, հայրենիքով ապրելու եւ հայրենիքով զօրանալու մեծ ուժը: Հայրենիքը պիտի վերագտնէ իր հարազատ զաւակները, իսկ զաւակները պիտի գտնեն այն հայրենիքը, որ ՀՄԸՄական իրենց դաստիարակութեամբ, իրենց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ է արդէն, իրենց ամէնօրեայ ապրումներուն եւ զգացումներուն մէջն է անպայման:
Մկրտիչեան նաեւ դիտել տուաւ, որ 108 մասնաճիւղերու միութիւնն է ՀՄԸՄը: Անիկա ունի նման մարզախաղեր կազմակերպելու 100 տարուան կենսափորձ: Պոլսոյ ողիմպիականներէն մինչեւ Միջին Արեւելքի երբեմնի միջմասնաճիւղային խաղեր՝ հասնելու համար 1981ին ընթացք առած այս մարզախաղերը ՀՄԸՄին ապահոված են հայ մարզական կեանքին յառաջատար միութիւնը ըլլալու իրաւունքը:
Մկրտիչեան ընդգծեց, որ այս մարզախաղերը ո՛չ միայն մեծագոյնն են ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ, այլեւ՝ ամէնէն յիշատակելին են ցարդ կատարուած բոլոր մարզախաղերու շարքին, որովհետեւ այսօր, 10րդ այս մարզախաղերուն բացումով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը բացումը կը կատարէ միութեան 100ամեակի յոբելենական տարուան: Բացման այս հանդիսութենէն սկսեալ եւ մինչեւ 2018 թուականի աւարտը, ՀՄԸՄ արժանավայել շուքով կը նշէ իր հիմնադրութեան 100ամեակը, որ կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100ամեակին: ՀՄԸՄ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն հոգեհարազատներ են: ՀՄԸՄ 100 տարի կրած ու պահպանած է ազգային այն արժէքները, որոնք դարբնուած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեամբ:
10ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՋԱՀԻՆ ԲՈՑԱՎԱՌՈՒՄԸ
Խօսքերու աւարտին, ներկաները ողջունեցին Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ փոխն ի փոխ ջահը փոխադրած 21 մարզիկ-մարզիկուհիները՝ առաջնորդութեամբ ծանրամարտի Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան Նազիկ Աւդալեանի: Ջահը հասաւ ջահավառութեան պատուանդան, ուր բազմահազար ներկաներու ծափողջոյններով եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին հանդիսաւոր յայտարարութեամբ բոցավառեցաւ անիկա՝ ազդանշանը տալով թէ՛ 10րդ մարզախաղերու եւ թէ միութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններուն պաշտօնական բացման:
Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄական մարզիկի երդում, զոր կատարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մարզիկներէն Անդրանիկ Սարգիսեան:
Ապա, մինչեւ հանդիսութեան համերգային յայտագիրին անցումը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄը եւ մարզական անոր շարժումը ծանօթացնող տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը:
ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԵՒ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Երեկոյեան ժամը 9ին սկսաւ հանդիսութեան համերգային բաժինը, ուր ժողովրդային, ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչ-երգչուհիներ Ռուբէն Սասունցի, Աննա Խաչատրեան, Նարեկ Բաւէեան, Սոնա Շահգելդեան, Արսէն Գրիգորեան, Նարէ Գէորգեան, Վարդան Պատալեան, Անահիտ Շահպազեան, Էրիկ Կարապետեան, Արաբօ եւ Ներսիկ Իսպիրեաններ, Գաբի Գալոյեան, Նարինէ Դովլաթեան եւ Սոֆի Մխէեան:
Համերգային յայտագիրը փակուեցաւ Երեւանի երկինքը գեղեցկօրէն զարդարող հրավառութեամբ: