«Forbes Woman» ամսագիրը, ներկայացնելով աշխարհահռչակ «Giorgio Armani» իտալական նորաձեւութեան տան հիմնադիր-ղեկավար Ճորճիօ Արմանիի մասին ուշագրաւ անդրադարձ մը՝ պատմած է անոր արմատներուն եւ ընտանիքին մասին, կը փոխանցէ «Թեր»չ լրատուական կայքը։
«Forbes»ի համաձայն՝ 6.6 միլիառ տոլարի հարստութեան տէր Արմանին, որ 2002ին ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի ամենայաջողակ designer-նորաձեւողը, շատ փակ կեանք ունի: 83ամեայ Արմանիի անձնական կեանքին մասին տեղեկութիւն գրեթէ չկայ, եւ աւելի՛ն, հազուադէպ է, որ ան հարցազրոյցի մասնակցի:
Արմանին ծնած է Իտալիա, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ընտանիքի մը մէջ: Անոր ծնողները փախած են Թուրքիայէն: Ամսագիրը կ՛աւելցնէ, որ թէեւ Արմանին ծագումով իտալացի չէ, այնուամենայնիւ իրեն համար շատ հարազատ են իտալացիներու սկզբունքներն ու արժէքները:
Այդ երկրի բնակիչներուն նման, Արմանիի համար գլխաւոր արժէքներէն մէկը ընտանի՛քն է: Գաղտնիք չէ, որ իտալացիները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ու նշանակութիւն կու տան իրենց ընտանեկան եւ բարեկամական կապերուն:
Արմանին հասակ նետած է եղբօր ու քրոջ հետ: Երիտասարդ տարիքին ցանկացած է բժիշկ դառնալ, բայց ուսումը կիսատ ձգելով՝ գացած է բանակ ծառայելու: Այնուհետեւ, ան տարուած է լուսանկարչութեամբ ու յայտնուած է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ: Արմանին յաջողած է աշխատիլ այնպիսի անուանի վարպետներու հետ, ինչպիսիք են Էմանուէլ Ունկարօն եւ Էրմենէճիլտօ Զէյնան:
1975ին, Արմանին իր ընկերոջ՝ Սերճիօ Կալէօթիի հետ հիմնած է «Giorgio Armani S.p.A.» ընկերութիւնը: Կալէօթիի մահէն ետք, 1985ին, իրեն միացած է քոյրը՝ Ռոզաննա Արմանին:
Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Արմանի կը շարունակէ ինքնուրոյն լուծել իր ընկերութեան հիմնական խնդիրները: Ան միակ բաժնետէրն է, նախագահն ու գործադիր տնօրէնը իր ընկերութեան: Ան, մինչեւ այսօր, անձամբ կը մշակէ «haute couture» գիծի իւրաքանչիւր նմոյշ: Բացի այս բոլորէն, ան նաեւ հիւրանոցային եւ ճաշարանային գործառքներ կը վարէ:
Ամսագիրը դիտել տուած է, որ առանց իր ընտանիքի աջակցութեան՝ հնարաւոր չէր Արմանիին նման արդիւնքի մը հասնիլ: Ան երբեք չէ ամուսնացած եւ երեխաներ չունի: Անոր միակ ընտանիքն են քոյրը՝ Ռոզաննան, եւ քրոջ դուստրերը՝ Սիլվանան ու Ռոպերթան, որոնք եւս կ՛աշխատին իրենց քեռիին հետ: