ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Այշէ Աճար Պաշարան, կը հաղորդէ թրքական «Կազեթեքարինճա» կայքը:
Պաշարանի դէմ մեղադրանք ներկայացուած է՝ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու «յանցանքով»:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին, «ահաբեկչութեան զօրակցելու» մեղադրանքով ձերբակալուած էր նաեւ քրտամէտ նոյն կուսակցութեան երեսփոխան Սաատեթ Պեճերիքլին:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 4, 2016ին Տիգրանակերտի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուեցան քրտամէտ կուսակցութեան 10էն աւելի երեսփոխաններ, ներառեալ՝ կուսակցութեան համանախագահներ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը: