ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 9 Յուլիս 2017ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած հոգեւոր երգի ու ասմունքի ձեռնարկը՝ «Հոգեւոր Երաժշտութեան Գանձեր» խորագիրով եւ մասնակցութեամբ մեներգող Վահագն Հովենցի, դաշնակահար Արմինէ Տէրտէրեանի եւ ասմունքող Ռոզաննա Ուլիկեանի:
Հանդիսավարուհի Սիւզի Մազմանեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին՝ ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց ձեռնարկին մասնակցող Վահագն Հովենցի, Արմինէ Տէրտէրեանի եւ Ռոզաննա Ուլիկեանի կենսագրականները՝ անդրադառնալով անոնց ձեռք բերած նուաճումներուն՝ արուեստի եւ մանկավարժութեան անդաստաններէն ներս: Ապա, ներկաներու ծափողջոյններուն ուղեկցութեամբ, Մազմանեան բեմ հրաւիրեց զանոնք՝ ներկայացնելու մեր հոգեւոր երաժշտութեան գանձերն ու առ Աստուած ուղղուած մեր սքանչելի աղօթքները:
Յայտագիրը կազմուած էր մեր տաղանդաւոր ու անմահ հայրապետներ Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի եւ Կոմիտաս Վարդապետի հոգեզմայլ եւ հոգեթով ստեղծագործութիւններէն:
«Նոր Ծաղիկ» յարութեան շարականով ցերեկոյթին բացումը կատարեց Վահագն Հովենց, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի: Ապա Ռոզաննա Ուլիկեան ներկայացուց Ներսէս Շնորհալիի «Մատեան Ողբերգութեան» գլուխ գործոց աղօթագիրքէն հատուածներ:
Վահագն Հովենց բեմահարթակ բարձրանալով՝ հոգեկան մեծ ապրումներով նախ կատարեց «Հաւուն Հաւուն» շարականը, ապա դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Աւագ Հինգշաբթի օրուան գանձերէն «Բաց մեզ Տէր»ը, արժանանալով ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:
Ասմունքող Ուլիկեան շարունակեց Նարեկացիի առ Աստուած ուղղուած, հոգու բժշկութեան աղերսներն ու մաղթանքները, որոնք լոյսի ու փրկութեան լոյս պարգեւեցին ներկաներու հոգիներուն եւ սիրտերուն, արժանանալով անոնց գնահատանքին:
Դարձեալ բեմ բարձրացաւ սիրուած մեներգիչ Վահագն Հովենցը ու կատարեց «Ահեղ ձայնս» ստեղծագործութիւնը: Ապա, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Ս. Աստուածածինին նուիրուած «Խնկի ծառի նման ես» մեղեդին:
Ռոզաննա Ուլիկեան շարունակեց ասմունքել Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գործէն, ուր Աստուած ներկայացուած էր որպէս քաւիչ, նորոգող, ողորմած, ամենազօր, բժիշկ, հոգածու, զորավար, թագաւոր բարեհամբոյր եւ անոխակալ՝ դահլիճին մէջ ստեղծելով հոգեւոր մթնոլորտ մը, ուր բացուեցան աղօթքի վերացական աշխարհի դռները:
Յայտագիրի աւարտին, Վահագն Հովենցը իր անկրկնելի կատարումով, իսկ Արմինէ Տէրտէրեանը՝ իր գեղեցիկ նուագակցութեամբ, հնչեցուցին «Առաւօտ Լուսոյ»ն եւ «Տէր Ողորմեա»ն, արժանանալով ունկնդիրներուն բարձր գնահատանքին:
Ներկաները հրաժեշտ տուին՝ իրենց հետ տանելով օրուան քաղցր եւ անմոռաց յուշերը: Վարձքը կատար Դաստիարակչական յանձնախումբի անդամներուն: Շնորհակալութի՛ւն՝ հայ հոգեւոր մշակոյթի անդաստանին մէջ երկնող եւ ստեղծագործող հայորդիներ Վահագն, Արմինէ եւ Ռոզաննա: Բարի երթ ձեզի՝ դէպի նորանոր յաջողութիւններ:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)