
Ուրբաթ, 14 Յունիսին, Ուսթըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, յատուկ ձեռնարկով մը հիմը դրուեցաւ Ուսթըրի Համազգայինի մասնաճիւղին:
Այս առթիւ խօսք առաւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայիի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արեւիկ Գաբրիէլեան, որ յայտնեց թէ այս մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90ամեակի սեմին, Ուսթըրի մասնաճիւղը գործի լծուելով, ցոյց պիտի տայ թէ որքա՜ն աշխատանք կայ տանելիք մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներէն ներս:
«Նոր մասնաճիւղ մը աւելցնելով, կը փաստենք, թէ կը գործենք եւ շարունակ պիտի գործենք: Ի վերջոյ հայ մշակոյթի պահպանումը առաջնահերթութիւն մըն է, յատկապէս Սփիւռքի մէջ», յայտնեց Գաբրիէլեան:
Շրջանի հովիւ Սահակ Եմիշեան, իր կարգին խօսք առնելով՝ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց:
Անդրանիկ ժողովին ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայիի Շրջանային վարչութեան անդամ Նանօր Պարսումեան:
«Ուսթըրի հայոց ներկայութիւնը երկար պատմութիւն ունի, եւ շրջանի Համազգայինը բնականաբար իր դերը պիտի ունենայ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով», յայտնեց շրջանի գործօն անդամներէն Ճորճ Աղճայեան:
Իսկ երիտասարդ բեմադրիչ Թալին Աւագեան, իր կարգին ըսաւ. «Այժմ ժամանակն է, որ Համազգայինի ճամբով զբաղինք մշակոյթով, տոհմիկ պարերով եւ երաժշտութեամբ: Այսպէս կրնանք ապագայ սերունդներ պատրաստել եւ օտարին ալ ներկայացնել մեր մշակոյթը»:
Պոսթընի, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի, Փրովիտընսի, Ուաշինկթընի, Շիքակոյի, Տիթրոյիթի եւ Ֆիլատելֆիոյ կողքին, Ուսթըր եղաւ Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի իններորդ մասնաճիւղը: