Օգոստոս 12էն 20 տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուլկարիոյ մասնաճիւղի սկաուտական բանակումը, որուն մասնակցած է 5էն 25 տարեկան 90 սկաուտներ, Վառնա եւ Փլովտիւ քաղաքներէն: Բանակումին մասնակցեցաւ նաեւ Վառնայէն 87 տարեկան եղբայր Օհանը, որ գրած էր բանակումին նուիրուած նոր երգ մը, զոր ան կատարեց Միքայէլ Գէորգեանի հետ:
Սկաուտները բաժնուած էին 4 տարիքային խումբերու՝ «Գայլիկներ», «Արալէզ», «Աստղիկ» եւ Վահագն:
Իւրաքանչիւր օր յագեցած եղաւ մարզական տարբեր խաղերով, մրցումներով, որոնք նախապատրաստական եւ կատարողական մեծ հմտութիւն պահանջեցին: Իբրեւ արդիւնք՝ առաջին տեղը գրաւեց «Արալէզ» խումբը, որուն անդամները ոսկէ աստղիկներ ստացան: